image

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Տ. Ռաֆայէլը հիւր՝ Ֆրանսիսքոյի եպիսկոպոսին

Հայ Կաթողիկէ Կաթողիկոս Պատրիարք Տ. Ռաֆայէլը հիւր՝  Ֆրանսիսքոյի  եպիսկոպոսին

Radio Vatican-ի  հայկական բաժանմունքէն կը կարդանք՝ 

Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը Քալիֆորնիա կատարած հովուական այցելութիւնը հանգրուան կատարեց Սան Ֆրանսիսքօ քաղաք ու Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ իրեն ընկերացող շքախումբը, որոնց շարքին է նաեւ տեղւոյն առաջնորդ Արհ. Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեանը, մէկ յունիսի երեկոյեան ժամը 6,30ին ժամանեցին քաղաքի Փոխման Սուրբ Կոյս Մարիամի կաթողիկէ Աթոռանիստ Եկեղեցի ուր դիմաւորուեցան Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդ` Արքեպիսկոպոս Սալվաթորէ Քուոր Տի լէոնէին կողմէ։

Հոգեւոր Տիրոջ ընկերացող շքախումբի անդամները, տեղւոյն եպիսկոպոսին ու կղերական դասին հետ միասին թափօրով ուղղուեցան դէպի աւագ խորան եւ Նախագահութեամբ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ եւ Սան Ֆրանսիսքոյի Առաջնորդին, տեղի ունեցաւ երեկոյեան ժամասացութեան արարողութիւնը, որուն աղօթքները կատարուեցան անգլերէն լեզուով մինչ երգեցողութիւնը հայական ծէսով, որոնց շարքին երգեցուեցան` Մեծացուսցէն, Սուրբ Աստուածը ապա «Հայր մեր» տէրունական աղօթքը, որով փակումը կատարուեցաւ ժամասացութեան։

Արարողութեան աւարտին Աստուածանայ խորանին մօտ առնուած յուշապատկերէն ետք, Աթոռանիստ Եկեղեցւոյ սրահին մէջ տեղի ունեցաւ եղբայրական ակաբ` հաւատացեալներու մասնակցութեամբ։

Արքեպիսկոպոս Քուոր Տի Լէոնէն Հոգեւոր Տիրոջ ուղղած իր բարի գալուստի խօսքին մէջ դրուատեց Հայ ազգի քրիստոնէական հաւատքը` յիշելով, որ հայերը եղած են առաջին ազգը, որ քրիստոնէութիւնը որդեգրած է որպէս պետական կրօն ու դարեր շարունակ արիւն դափած են պաշտպանելու համար այդ կրօնը. «Եւ եկած էք մինչեւ այստեղ` Ամերիկայի ափերուն վրայ, կրկին ու կրկին անգամ վկայելու քրիստոնէական ձեր պատկանելիութիւնը» ըսաւ ի միջի այլոց Սան Ֆրանսիսքօ թեմին առաջնորդը։

Իր կարգին խօսք առնելով Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը , նախ երախտագիտութիւն յայտնեց ջերմ ու եղբայրական ընդունելութեան համար, ու միասնաբար կատարուած աղօթքին համար, ապա խնդրեց, որ Եպիսկոպոսն ու հաւատացեալները շարունակեն աղօթել Միջին Արեւելքի եւ Հայաստանի քրիստոնեաներուն համար, որոնք «կ՛ապրին դժուար պահեր ու յաճախ հալածուած են»։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը խնդրեց նաեւ, որ Գերապայծառ Քուոր Տի Լէոնէն եւ կաթողիկէ կղերական դասը շարունակեն հոգ տանիլ իրենց թեմէն ներս գտնուող հայ քրիստոնեայ հաւատացեալներուն։

Հանդիպումի ընթացքին  տեղի ունեցաւ նուէրներու փոխանակում։ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս առթիւ Արքեպիսկոպոս Քուոր Տի լէոնէին նուիրեց Նարեկացիին երկերը, ինչպէս նաեւ փոքրիկ հայական խաչքար մը, փորագրուած փայտի վրայ։