Օրերս Փարիզի մէջ հրապարակուած է Արա Օշականի ստորագրութիւնը կրող հատոր-ալպոմը՝ «Հատում»։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Արա Օշական լուսանկարիչ է, որ իր գործերը ներկայացուցած է տարբեր ձեւաչափերով եւ ամենատարբեր հարթակներու վրայ։
Հեղինակը, այս առթիւ կիսուած է կարճ գրառումով, ուր շնորհակալութեան յատուկ խօսք յղած է հատորի հրապարակումը նախաձեռնողներուն եւ մասնաւորապէս Փարիզահայ գրող ՝ Գրիգոր Պըլտեանին, որ յատուկ գրութեամբ մը մասնակցութիւնը բերած է հատորին։
Ներկայացուած կարգ մը լուսանկարներէն երեւելի կը դառնայ, որ Օշականի այս հատորը արգասիքն է վերջինիս դէպի Լիբանան կատարած «լուսանկարչական ճամբորդութեան» մը, ուր ան իր կիզակէտին տակ առած է հայկական սփիւռքի համար բազմակողմանիօրէն արժէք ունեցող Պուրճ Համուտ հայկական աւանին։
Կարելի է երկար գրել Պուրճ Համուտի մասին, սակայն ուշագրաւն այն է, որ Միացեալ Նահանգներ ապրող լուսանկարիչը, ինչ անկիւններով կը դիտարկէ հայութեամբ ապրող, հայութեամբ տրոփող եւ հայութեանը շատ բան տուած հայկական Պուրճ Համուտին։
Յաջողութիւն կը մաղթենք ՝Արա Օշականին լիայոյս ըլլալով, որ ան կը շարունակէ իր օգտակար գործունէութիւնը։