image

Հատիսի խնդրով քննադատութիւն Հայաստանի կառավարութեան (Տեսանիւթ)

Հատիսի խնդրով քննադատութիւն Հայաստանի կառավարութեան (Տեսանիւթ)

Խումբ մը քաղաքացիներ բողոքի հաւաք կայացուցած են Հատիս լերան գագաթին` իրենց բողոքը արտայայտելով լերան վրայ Յիսուս Քրիստոսի արձան կառուցելու Գագիկ Ծառուկեանի եւ կառավարութեան նախաձեռնութեան:

«Այս ամբողջ անիրաւութեան համար իմ կարծիքով մեղաւոր է կառավարութիւնը` ի դէմս Նիկոլ Փաշինեանի, որ ինչպէս միշտ փորձում է էլի մոլորեցնի հանրութեանը: Ինչ-որ տարբեր նախարարութիւներ յայտարարել էին, որ շինարարութիւնը դադարեցուած է, բայց մենք առաւօտից ոտքով բարձրացել ենք, ու տեսել ենք այստեղ քանի թրթուրաւոր, հորատող մեքենաներ կային, չափագրողներ կային, արտաչափողներ»,- ըսաւ աքթիւիստներէն մէկը:

Անոնք նաեւ տեսանիւթով ցուցադրած են  պրոնզեդարեան յուշարձաններ, որոնք արդէն քանդուած վիճակի մէջ են:

Նշենք, որ Շրջակայ միջավայրի նախարարութիւնը յայտարարած էր, որ շինարարութիւնը այս պահուն դադրեցուած է, իսկ  Կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ սփորթի նախարարութիւնը  անթոյլատրելի համարած էր սարին վրայ որեւէ շինարարարութիւն:

Յիշեցնենք, որ Հայ առաքելական եկեղեցին  դէմ  արտայայտուած է արձանի տեղադրման: Եկեղեցին Ծառուկեանը յորդորած էր նման նախաձեռնութիւն չիրականացնել, քանի որ այն կը հակասէ Հայաստանեայց առաքելական սուրբ եկեղեցւոյ աւանդոյթին։ Չնայած եկեղեցւոյ դիրքորոշման՝ Ծառուկեան նախագիծը չեղեալ չհամարեց: Օրեր առաջ կառավարութեան նիստին վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեան յայտնած էր, որ ստացած են փաստաթուղթերը եւ դրական կը գնահատեն արձանի տեղադրումը: Փաշինեանի խօսքով՝ այն կը խթանէ զբօսաշրջութիւնը: