image

Հասանով զգաստ ըլլալու կոչով հանդէս եկած է

Հասանով զգաստ ըլլալու կոչով հանդէս եկած է

30 մարտին, Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար, զօրավար-գնդապետ Զաքիր Հասանովի գլխաւորութեամբ Կեդրոնական հրամանատարական կէտին մէջ տեղի ունեցած է նիստ, որուն մասնակցած են փոխ նախարարներ, ռազմական ճիւղերու հրամանատարներ, գերատեսչութիւններու գլխաւոր վարչութիւններու, գերատեսչութիւններու եւ ծառայութիւններու ղեկավարներ։

Տեսակապով հանդիպման միացած են զօրամասերու եւ կազմաւորումներու հրամանատարները։

Այս մասին յայտնած են ատրպէյճանական լրատուամիջոցները։

Վերլուծուած է հայ-ատրպէյճանական սահմանի օփերաթիւ իրավիճակը, յանձնարարուած է պահպանել զօրամասերու մարտական պատրաստուածութեան բարձր մակարդակը եւ կատարելագործել անոնց ծառայողական ու մարտական գործունէութիւնը։

Զաքիր Հասանով նշած է իրական պատերազմի պայմաններուն համապատասխան կատարուող վարժանքներու եւ գործնական պարապմունքներու ուժգնութեան հետագայ յաւելումի կարեւորութիւնը՝ օգտագործելով ժամանակակից սպառազինութիւն, զինատեսակ եւ ծառայութեան համար ընդունուած այլ մարտական զինատեսակներ։