image

Հարուած Դամասկոսի վրայ. զոհուած է երեք զինուոր

Հարուած Դամասկոսի վրայ. զոհուած է երեք զինուոր

Իսրայէլի օդուժի հարուածի հետեւանքով երեք սուրիացի զինուոր զոհուած է, 7-ը՝ վիրաւորուած. այս մասին կը յայտնէ Agence France-Presse-ը՝ յղում կատարելով Սուրիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան։ 

«Հակառակորդը՝ ի դէմս Իսրայէլի, օդային հարուած հասցուցած է սուրիական բռնագրաւուած Կոլանէն … յարձակման պատճառով զոհուած է երեք զինուոր, 7 զինուոր ալ վիրաւորուած է»,- ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Իսրայէլի պաշտպանութեան բանակը կը շարունակէ հրետակոծել Արաբական Հանրապետութիւնը, կրակ կը բանայ նաեւ քաղաքացիական թիրախներու ուղղութեամբ։