15 Սեպտեմբերի երեկոյեան, ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդի որոշման համաձայն, դիտարկման առաքելութիւն իրականացնելու նպատակով Հայաստան ժամանած է ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը, որ կը գլխաւորէ ՀԱՊԿ միացեալ շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը: Այս մասին կը տեղեկացնեն ՊՆ-էն։
Նոյն օրը զօրավար-գնդապետ Անաթոլի Սիտորովը ընդունած է ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սուրէն Պապիկեանը: Պաշտպանական գերատեսչութեան ղեկավարը ներկայացուցած է 13 սեպտեմբերին Ատրպէյճանի իրականացուցած լայնածաւալ յարձակման հետեւանքով ստեղծուած իրադրութիւնը եւ առաջադրած յառաջիկայ դիտարկման առաքելութեան հետ կապուած խնդիրները:
Նախարարը յոյս յայտնած է, որ խումբը արդիւնաւէտ աշխատանք կ'իրականացնէ եւ ՀԱՊԿ Հաւաքական անվտանգութեան խորհուրդին կը ներկայացնէ մանրամասն եւ ճշգրիտ հաշուետւութիւն ստեղծուած իրադրութեան վերաբերեալ:
Յառաջիկայ օրերուն ՀԱՊԿ Միացեալ շտաբի խումբը համապատասխան աշխատանք պիտի կատարէ ՀՀ Զինուած Ուժերու գլխաւոր շտաբին մէջ եւ մարտական գործողութիւններու շրջաններուն մէջ: