image

ՀԱՊԿ մեխանիզմները ի գործ դրինք. Արմէն Գրիգորեան

ՀԱՊԿ մեխանիզմները ի գործ դրինք. Արմէն Գրիգորեան

Երբ վարչապետ Փաշինեաը ստացած է Ղազախստանի նախագահի դիմումն ու խորհրդակցած է ՀԱՊԿ առաջնորդներուն հետ, այդ պահուն արդէն Ղազախստանի մէջ ոչ թէ յեղափոխական գործընթացներ էին, այլ՝ ահաբեկչական գործողութիւններ: Այս մասին յայտարարեց Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանը։

Գրիգորեան շեշտեց, որ զօրախումբ ուղարկելու որոշումը եղած է համաձայնական՝ ՀԱՊԿ անդամ բոլոր պետութիւններու ղեկավարներու մասնակցութեամբ:

Անդրադառնալով քննադատութեան, որ ՀԱՊԿ-ը ժամանակին չօգնեց Հայաստանին, ինչո՞ւ Երեւանը հիմա կ'արձագանգէ, Գրիգորեան ըսաւ. «Մենք ոչ թէ նեղացած երիտասարդի պէս պէտք է ըսենք՝ դուք չէք ըրած, մենք ալ չենք ըներ, այլ մենք պատասխանատուութիւն վերցուցած ենք, պատմութեան մէջ երեւի առաջին անգամ ՀԱՊԿ մեխանիզմները ի գործ դրինք, ցոյց տուինք, թէ ինչպէս պէտք է աշխատի: Յոյս ունինք, որ եթէ Հայաստանը հետագային նման իրավիճակի մէջ յայտնուի, կը ստանայ համապատասխան օգնութիւն»: