image

Հանդիսաւոր երեք օրեր՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ

Հանդիսաւոր երեք օրեր՝ Ֆիլատելֆիոյ մէջ

2025 Սեպտեմբեր 19-21, Երրօրեայ հանդիսութիւններով հարուստ շաբաթավերջ մը վայելեցին Ֆիլատելֆիոյ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ  անդամներն ու բարեպաշտ հաւատացեալ ժողովուրդը։

Ուրբաթ, 19 Սեպտեմբերէն սկսեալ բոլոր հանդիսութիւններուն իր օրհնաբեր ներկայութիւնը կը բերէր Արեւելեան թեմի Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մեսրոպ Եպս. Պարսամեան։ 

Վերանորոգուած եկեղեցւոյ խորանի օծումով սկսաւ արարողութիւնը։ Շարականներու երգեցողութեամբ հոգեւորականներու եւ դպիրներու թափօրը ուղուեցաւ դէպի սուրբ խորան։ Սաղմոսներու երգեցողութեան հետ հոգեւորականները «լուացին» խորանը ջուրով եւ գինիով՝ սրբազան խորհուրդի առ ի պատրաստութիւն։

Ապա Սրբազան Հայրը սուրբ Միւռոնով օծեց խորանի վերի եւ առջեւի մասը, մինչ այդ՝ Ս. Սահակ եւ Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ նախկին հովիւներէն Բարձր. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանը եւ Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեանը՝ օծեցին խորանին աջ եւ ձախ անկիւնները։

Վերջապէս, խորանին առաջին մոմը վառեց Առաջնորդ Հայրը, եւ այդ մոմին լոյսովը վառեցին բոլոր միւս 12 մոմերը՝ եկեղեցին ողողելով մոմերու լոյսով՝ ի նշան Իր ժողովրդի մէջ բնակող Քրիստոսի ներկայութեան։

Ծուխին համայն ընտանիքին համար երախտագիտութեան, ուրախութեան եւ վերանորոգման պահ էր, որուն համար բոլորին սրտանց շնորհակալական զգացումը ուղղուած էր Արժ. Տէր Արմաշ  Քհնյ. Պաղտասարեանին, ծխական խորհուրդին եւ Շինարարութեան Յանձնախումբին եկեղեցւոյ այդքան գեղեցիկ վերանորոգման համար։ Առաջնորդ Սրբազանը իր շնորհակալութիւնը յայտնեց բոլորին, նաեւ 100-ամեակի<Ո»անձնախումբին՝ իր հովուական այցը մանրամասն հոգատարութեամբ կազմակերպելու համար։

Ուրբաթ օրուայ խորանի օծումի արարողութեան յաջորդեց հիւրասիրութիւնը։ Երեկոն կը վայելէր օրհնաբեր ներկայութիւնը Առաջնորդ Սրբազան հօր կողքին շարք մը հոգեւոր հայրերու։ Եկեղեցւոյս հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանի հրաւէրին ընդառաջած էին ծուխին նախկին հովիւներերէն Բարձ. Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեան (2002-2007),  ինչպէս նաեւ (2009-2022) Գերշ. Տ. Օշական Եպս. Կիւլկիւլեան-այժմու առաջնորդը Իրաքի Հայոց։

Ներկայ էին նաեւ Առաջնորդական Փոխանորդ՝ Հոգշ. Տ. Սիմէոն Աբղ. Օտապաշեան, համայնքի այլ Հայ եկեղեցիներու հոգեւոր հայրեր, ինչպէս նաեւ Քրասնոտարի (Ռուսաստան) հայ համայնքէն Ս. Սահակ-Ս. Մեսրոպ եկեղեցւոյ ծառայած Արժ. Տ. Դանիէլ Քուքուեան։

Կիրակի, 21 Սեպտեմբեր 2025-ին, կիրակնօրեայ հոգեպարար արարողութեան պատարագիչն էր Առաջնորդ Սրբազան Հայրը։ Առաջնորդ Սրբազան Հայրը սրտէ բխած իր պատգամով շնորհաւորեց այս եկեղեցւոյ Հովիւ Տէր Արմաշը, դարադարձի տօնախմբութեան հետ կապ ունեցող մէն մի անդամը, ինչպէս նաեւ եկեղեցին բերնէ բերան լեցնող հաւատացեալները։ Միաժամանակ իր օրուան քարոզին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի անկախութեան 34-րդ տարեդարձին։ 

Կիրակնօրեայ հոգեպարար պատարագի արարողութեան յաջորդեց փառահեղ հիւրասիրութիւն մը՝ յատուկ յայտագրով։ Հաւատացեալները ուղղուեցան եկեղեցւոյ մեծ սրահը, ուր շատ ճաշակաւոր կերպով զարդարուած սեղանները կը սպասէին հիւրերուն։

Հարիւրամեակի Յանձնախումբի համաատենապետ Տիար Ճորճ Գօտօգեանի օրուան համար հեղինակած երաժշտական յատուկ ձօնով մը սկսաւ հանդիսութիւնը, որուն յաջորդեց Ամերիկեան քայլերգը Անժելա Գօտօգեանի կատարմամբ, իսկ Հայաստանի օրհներգը Քրիս Գալֆայեանի առաջնորդութեամբ բոլոր ներկաները միացան երգելու։

Ճոխ յայտագիր մը պատրաստուած էր։ Յաջորդաբար ելոյթ ունեցան եկեղեցւոյ նախկին եւ ներկայ անդամներ, եկեղեցւոյ պատմականը կատարուեցաւ սահիկներու եւ շարժանկարային ցուցադրութեամբ- պատրաստութեամբը՝ Րաֆֆի Պէրպէրեանի, Հաճելի էր տեսնել Արխիւներու Յանձնախումբին ալ յիշատակումը օրուան  յայտագրի գրքոյկին մէջ, ինչպէս նաեւ Րաֆֆիին պատրաստած հիանալի տեսաերիզին մէջ։

Երաժտական ելոյթով հանդէս եկան քանոնահար Մարիա Եագուպեան եւ տուտուկահար Գէորգ Քէշիշեան։

Օրուան գլխաւոր բանախօսն էր Առաջնորդարանի հաղորդակցութեան վարիչ, Ֆիլատելֆիոյ իրաւ քաղաքացի, Նիւ Եորքի Ս. Վարդան Տաճարէն ներս տասնամեակներով ծառայող, Տեղեկատու կեդրոնի պատասխանատու՝ Տիար Քրիս Յակոբ Զաքեանը, որուն յուշապատումները շատ յուզիչ էին, երբ գուրգուրանքով պատմեց իր պատանութեան օրերէն զանազան անքակտելի եւ անմոռանալի յուշեր։

Այս առթիւ Առաջնորդ Սրբազան Հօր ձեռամբ եկեղեցւոյ ժրաջան անդամներ ստացան յատուկ շնորհաւորագրեր։ Առաջնորդ Հօր հետ ջերմօրէն կը շնորհաւորենք՝ ներկաներէն՝ Տիարք Սթիվ Պարսամեանը, Ռոպէրթ Զաքեանը, Ճորճ Գօտօգեանը, Սթիվըն Քեյթանճեանը, Ալեքս Թօփաքպաշեանը, Երէցկին Անժէլ Մեթճեանը, Տիկին Ժիւլիէթ Տեկիրմէնճին եւ Օրդ. Լիզա Մանուկեանը։

Հուսկ ապա իր գնահատանքի ու երախտագիտութեան խօսքով ելոյթ ունեցաւ Հոգեւոր հովիւ Արժ. Տ. Արմաշ Քհնյ. Պաղտասարեանը, իրեն միացաւ Բարձրաշնորհ Տ. Հայկազուն Արք. Նաճարեանը միաժամանակ ցուցաբերելով իր գնահատանքը, Տէր Արմաշին յանձնեց հայրենի յուշանուէրներ առ ի գնահատանք եկեղեցւոյ դարադարձին առթիւ Տէր Հօր կատարած հսկայական աշխատանքին։

Հանդիսութիւնը իր աւարտին հասաւ Առաջնորդ հօր պահպանիչով։

—

Եկեղեցւոյ հարիւրամեակին եւ վերանորոգութեան առթիւ Տ. Արմաշ Քահանայի խնդրանքին ընդառաջ, Պոլիսէն Հոգշ. Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանի կողմէ գրի առնուած են եկեղեցւոյ 100-ամեակին եւ վերանորոգութեան ձօնուած բանաստեղծական տողերը, որոնց օգտագործումով Մաժակ Թօշիկեան յօրինած է 100-ամեակի ձօնուած քայլերգ մը։

ՈՂՋՈ՜ՅՆ ՀԱՐԻՒՐ ԱՄԵԱԿԻՆ 

Գրեց՝ Յարութիւն Վրդ. Տամատեան

Ողջո՜յն մեր տատիկներուն, 

ողջո՜յն մեր զաւակներուն, 

Ողջո՜յն մեր անցեալին, 

ողջո՜յն մեր ապագային, 

Աւետիսը հասաւ մեզ, 

նոր ու պայծառ տաճարով։ 

Սուրբ տաճարը հասաւ մեզ, 

նոր ու մաքուր իր տեսքով։

Հարիւր տարիներ առաջ կոչուած, 

Սուրբ Սահակ եւ Սուրբ Մեսրոպով, 

Կանթեղը մնաց միշտ լուսաւոր 

Հայկական լոյսով եւ աւետիսով տարածուն

Քամիներու մէջէն անցաւ, մնալով զօրաւոր

Անձրեւներու մէջէն անցաւ, մնալով փառաւոր 

Աղօթք դարձաւ, խունկ ու պատարագով 

Հաւատքն ու յոյսը սուրբ խորանէն փոխանցելով։

Ամերիկեան մեծ երկրի մէջ դէպի երկինք անուշ մի տուն 

Եկեղեցին հայկական  Սուրբ Սահակով եւ Սուրբ Մեսրոպով

Պատրաստ է նոր գարնան, օրհնութեամբ լի պատմութեամբ

Ուստի ողջո՜յն բոլորին այս մեծ ուրախութեամբ։

Ողջո՜յն հարիւր ամեակին,

փա՜ռք հարիւր ամեակին,

Օրհնութիւն հիմնադրողաց, փա՜ռք պահպանողաց։

Եկէ՛ք միասին վայելենք միասին, 

«մեր»ը տաճարը յառաջ տանելով։ 

Եկէ՛ք միասին քալենք, ապագան միասին կերտելով։

 

 Թղթակցութիւնը՝ Զարմինէ Պօղոսեանի