image

«Համաս»-ը ներկայացուցած է Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու չորս պայման

«Համաս»-ը ներկայացուցած է Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու չորս պայման

Իսրայէլի հետ անուղղակի բանակցութիւններու յաջողութեան համար չորս կարեւոր պայման պէտք է կատարուի, Թեհրանի մէջ Իսլամական ճիհատի պատուիրակութեան հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարած է «Համաս»-ի ներկայացուցիչը:

Իսմայիլ Հանիէն թուարկած է այդ պայմանները՝ Կազայի մէջ  յարձակումները պէտք է դադրին, իսրայէլեան ուժերը լքեն տարածաշրջանը, տեղահանուածները վերադառնան նախկին բնակութեան վայրեր, մարդասիրական մատակարարումները շարունակուին:

Անդրադարձ եղած է Պաղեստինի նոր կառավարութեան կազմի հաստատման: Կողմերն ընդգծած են, թէ չեն ընդունիր Պաղեստինի կառավարութեան որեւէ նախաձեռնութիւն, որու հետեւանքով Կազայի մէջ կրնան պաղեստինցիներու շահերուն հակասող նոր իրողութիւններ ստեղծուիլ: