image

Խոզի երիկամը մարդու մարմնին մէջ գործեց 271 օր

Խոզի երիկամը մարդու մարմնին մէջ գործեց 271 օր

Խոզի երիկամը հիւանդի մարմնին մէջ գործած է 271 օր։ Ըստ ամերիկացի բժիշկներու՝ սա ամենաերկարն է գրանցուած փոխպատուաստման դէպքերու պատմութեան մէջ։

Բժշկութիւնը նոր ուշագրաւ հանգրուան մը արձանագրեց. խոզէ մը մարդու պատուաստուած երիկամը 66ամեայ հիւանդի մարմնին մէջ գործեց 271 օր, իրողութիւն, որ մինչեւ այսօր արձանագրուած ամենաերկար ժամանակամիջոցն է։

Վիրահատութիւնը կատարուեցաւ Մասաչուսեցի հիւանդանոցներէն մէկուն մէջ։ Մասնագէտներուն համաձայն՝ երիկամը պատուաստուած էր Թիմ Էնտրիւս անունով հիւանդին, որ այս շնորհիւ ամիսներ շարունակ ազատած էր պարբերաբար հիւանդանոց երթալու եւ արեան մաքրման՝ տիալիզի ենթարկուելու անհրաժեշտութենէն։

Մօտաւորապէս վեց ամիս ետք պատուաստուած երիկամի արեան անօթներուն մէջ վնասներ սկսան յայտնուիլ եւ բժիշկները ի վերջոյ ստիպուեցան հեռացնել զայն։ Էնտրիւս կարճ ժամանակ կրկին տիալիզի ենթարկուեցաւ, մինչեւ որ մարդկային նուիրատու երիկամ մը գտնուեցաւ իրեն համար։

Գիտնականները այս փորձը կարեւոր յառաջընթաց կը նկատեն կենդանական օրկաններու՝ մարդոց պատուաստման ուսումնասիրութիւններուն մէջ։ Անոնք կը յուսան, որ ապագային խոզի օրկանները կրնան առնուազն ժամանակաւոր «կամուրջ» ծառայել հիւանդներուն համար՝ մինչեւ մարդկային համապատասխան գործարանի մը գտնուիլը։

Փորձերուն համար մշակուած խոզերը ենթարկուած են բազմաթիւ ծինային փոփոխութիւններու, որպէսզի անոնց օրկանները կարելի եղածին չափ համատեղելի դառնան մարդու մարմնին հետ։

Այս նորարարութեան նշանակութիւնը աւելի յստակ կը դառնայ մէկ թիւով. միայն Ամերիկայի մէջ շուրջ 100 հազար մարդ երիկամի կը սպասէ, մինչ տարեկան կը կատարուի ընդամէնը շուրջ 25 հազար պատուաստում։