image

Համաքրիստոնէական բողոքի մթնոլորտի մը մէջ. Երկու երիտասարդները հողին յանձնուեցան

  Համաքրիստոնէական բողոքի մթնոլորտի մը մէջ. Երկու երիտասարդները հողին յանձնուեցան

 Համաքրիստոնէական բողոքի մթնոլորտի մը մէջ. Երկու երիտասարդները հողին յանձնուեցան 

Պըշարյէի մէջ հողին յանձնուած են օրեր առաջ դարանակալ պայմաններու տակ սպաննուած երկու քրիստոնեայ երիտասարդները։ 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Կը նշուի նաեւ, որ սպաննուած երիտասարդներու թաղման կարգին նախագահած է Մարոնիներու Ռահի Պատրիարքը, որ իր խօսքին մէջ իրաւապահ մարմիններէն պահանջած է արագօրէն յայտնաբերել յանցագործներ եւ խստագոյնս պատժել զանոնք։ 

Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ սպաննութեան դէպքը տեղի ունեցած էր վիճահարոյց համարուած շրջանի մը մէջ («Քըրնաթ ալ սաուտա»ի բլուրին վրայ) եւ այդ շրջանը մէկ կողմէ քրիստոնեաներու եւ միւս կողմէ ալ իսլամներու միջեւ տարակարծութեան առիթ տուող հողատարածք մը կը համարուի եւ քաղաքական մարմիններ լուրջ մտավախութիւն ունեցած են, որ սպանութիւնը պատճառ կրնայ դառնալ միջ-համայնքային վէճերու կամ նոյնիսկ բախումներու։ 

Ցնցիչ դէպքին մասին «Արեւելք» մանրամասն կերպով գրած էր նշելով, որ երիտասարդները կը կոչուին՝Հայսամ եւ Մալէք Թոք։