image

Հալէպի օդակայանը պիտի վերաբացուի

Հալէպի օդակայանը պիտի  վերաբացուի

Հալէպի միջազգային օդակայանը 18 մարտին պիտի վերսկսի իր աշխատանքը: Այս մասին յայտնած է SANA լրատուականը՝ յղում կատարելով Սուրիոյ քաղաքացիական օդային վարչութեան:

«Հալէպի միջազգային օդակայանը պիտի վերսկսի աշխատանքը երեքշաբթի՝ 18 մարտին»,- նշուած է քաղաքացիական օդային վարչութեան յայտարարութեան մէջ: 

Ընդգծուած է, որ Հալէպի օդակայանը պատրաստ է թռիչքներ ընդունիլ՝ բոլոր տեխնիկական եւ վարչական ընթացակարգերը կատարելէն յետոյ։