Հալէպէն վերհասու դարձանք, որ քաղաքի ՀՀ Հիւպատոսարանի ընդհանուր հիւպատոսի խորհրդականը այցելած է «Կրթասիրաց» վարժարան եւ ընդունուած՝ վարժարանի պատասխանատուներուն կողմէ։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Հալէպը հարուածած ողջ պատերազմի տեւողութեան այդ պատմակերտ վարժարանը մնաց պատնէշի վրայ, շնորհիւ նուիրեալ պաշտօնէութեան եւ մասնաւորապէս տնօրէն՝ Անդրանիկ Պօղոսին։
Ստորեւ կը ներկայացնենք այցելութեան մասին վարժարանին կողմէ պատրաստուած կարճ լրատուութիւնը։
Հինգշաբթի, 8 Դեկտեմբեր 2022-ի առաւօտուն, Հ. Հ. Հալէպի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան Խորհրդական-Հիւպատոս Մեծարգոյ տիար Բաբգէն Պատալեան այցելութիւն տուաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարան, ընկերակցութեամբ՝ Հիւպատոսութեան Խորհրդական տիար Դաւիթ Թադէոսեանի։
Պարոն հիւպատոսը ջերմօրէն դիմաւորուեցաւ Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանի Տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեանի, հոգաբարձութեան անդամ տիար Ճորճ Պաղտոյեանի, պետական տնօրէն տիար Ապիր Մուսան-Ատամի եւ վարժարանի վարչական եւ ուսուցչական կազմերուն կողմէ:
Կրթասիրաց Յարութիւնեան մանկապարտէզի յարկէն ներս մանկապարտիզպանուհի տիկ. Ուաատ Զգոյշեան դիմաւորեց պարոն Հիւպատոսը։ Փոքրիկները ծաղկեփունջով բարի գալուստ մաղթեցին պարոն Հիւպատոսին, ապա հայերէն երգերով եւ արտասանութիւններով արտայայտեցին իրենց սէրը մայրենի լեզուին նկատմամբ: Այնուհետեւ պարոն Բաբգէն եւ հիւպատոսութեան խորհրդականը նախակրթարանի, միջնակարգի եւ երկրորդականի դասարանները այցելելով հանդիպեցան աշակերտներուն հետ, որոնք իրենց սորված երգերով, ասմունքներով, ազգայնական պարով արտայայտեցին իրենց կապուածութիւնը հանդէպ հայ ժողովուրդի մշակութային եւ ազգային արժէքներուն։
Պարոն հիւպատոսը այցելեց նաեւ Վարժարանի տարրալուծարանը, համակարգիչի դասարանն ու գրադարանը, ուր վարժարանի տեսուչ տիար Յովիկ Օհանեան պարոն հիւպատոսին ծանօթացուց գիտութեան եւ համակարգչային գիտութիւններու ոլորտներէն ներս վարժարանին տարած գործունէութեան։ Պարոն հիւպատոսը այցելութեան առիթով թանկարժէք գիրքեր նուիրեց վարժարանի գրադարանին։
Տնօրէնութեան գրասենեակէն ներս, վարժարանի տնօրէն երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան խօսք առնելով բարի գալուստ մաղթեց եւ շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն հիւպատոսին եւ խորհրդականին, իրենց քաջալերական այցելութեան համար, դիտել տալով, որ հակառակ ներկայիս տիրող կենցաղային եւ տնտեսական դժուարութիւններուն, հայ դպրոցը կը շարունակէ իր դռները բաց պահել եւ հայեցի կրթութեան դարբնոց հանդիսանալ, շնորհիւ անոր յարկէն ներս նուիրումով գործող անձնաւորութիւններուն։ Հետեւաբար, պարոն Տնօրէնը մեծ պատիւ համարեց ամէն օր դպրոցի շուրջ 650 աշակերտներուն հետ ըլլալը եւ հօր նման անոնց հոգատարութիւն ցուցաբերելը, ի խնդիր սուրիահայ համայնքի պայծառացման։
Առ ի երախտագիտութիւն, երկրչ. Անդրանիկ Պօղոսեան պարոն Հիւպատոսին նուիրեց Կրթասիրացի հիմնադրութեան 65 եւ 90 ամեակներու յուշամատեանները, ինչպէս նաեւ «Շողեր» աշակերտական գրքոյկը։
Վարժարանի ընդհ. տեսուչ օրդ. Մարալ Դերձակեան իր սրտի խօսքը փոխանցելով, անդրադարձաւ վարժարանի հիմնադրութեան 100-ամեակին ընդառաջ ձեռք բերած զարգացումներուն եւ ուսումնակրթական կեանքին։
Այնուհետեւ, պարոն Հիւպատոսը իր սրտի խօսքին մէջ գնահատեց Կրթասիրաց Ս. Չէմպէրճեան Երկրդ. Վարժարանէն ներս տարուող ուսումնակրթական գործընթացը, յատկապէս սիրով, յարգանքով եւ մարդկային առողջ յարաբերութեամբ յառաջ տարուող հայեցի դաստիարակութիւնը։ Պարոն Բաբգէն, այցելութեան առիթով իր տպաւորութիւնները մակագրեց Վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ:
Լուսանկարները ՝Venus-ի