Հալէպահայ երիտասարդ ՝Ճօրճ Վանեանի ողբերգական մահը

 Հալէպահայ երիտասարդ ՝Ճօրճ Վանեանի ողբերգական մահը

 

 Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի ողբերգական  պատերազմին հետեւանքով շատ մը ընտանիքներ բաժան-բաժան եղան։ Ծնողներ կորսնցուցին իրենց զաւակները, ուրիշներ  ստիպուած  եղան իրենց որդիները  «ճամբու դնել» խնայելու համար անոնցմէ շատերուն գարուն հասակը եւ ապահով երդիքի մը տակ ապրելու իրաւունքը։ Տակաւին եղան ուրիշներ, որ ամէն  դժուարութիւն մէկդի դրին  եւ  որպէս  հաւատարիմ քաղաքացիները կռուեցան  երկրի ամենատաք  ճակատներուն վրայ, անգամ զոհուեցան ու դարձան  երկրին ու ժողովուրդին պատիւ բերող նահատակներ։ 

 Ճօրճ Վանեան կը պատկանի  այն խումբին, որ ինչ-ինչ դժուարութիւններու  հետեւանքով ստիպուած եղաւ կայք հաստատել Պէյրութի մէջ եւ նուիրուիլ իր  նախասիրած  արհետին ՝ կանանց վարսայարդարութեան։

 

 

Օրերս տխուր լուր ստացանք Հալէպէն։ 

 Ուղեղային կաթուածի հետեւանքով իր կեանքը կորսնցուցած է  բնիկ Հալէպցի երիտասարդ Ճօրճ Վանեանը, որ ծանօթ անուն էր հալէպահայ շրջանակներուն մէջ։

Սուրիոյ եւ մասնաւորապէս Հալէպի ողբերգական  պատերազմին հետեւանքով շատ մը ընտանիքներ բաժան-բաժան եղան։ Ծնողներ կորսնցուցին իրենց զաւակները, ուրիշներ  ստիպուած  եղան իրենց որդիները  «ճամբու դնել» խնայելու համար անոնցմէ շատերուն գարուն հասակը եւ ապահով երդիքի մը տակ ապրելու իրաւունքը։ Տակաւին եղան ուրիշներ, որ ամէն  դժուարութիւն մէկդի դրին  եւ  որպէս  հաւատարիմ քաղաքացիները կռուեցան  երկրի ամենատաք  ճակատներուն վրայ, անգամ զոհուեցան ու դարձան  երկրին ու ժողովուրդին պատիւ բերող նահատակներ։ 

 Ճօրճ Վանեան կը պատկանի  այն խումբին, որ ինչ-ինչ դժուարութիւններու  հետեւանքով ստիպուած եղաւ կայք հաստատել Պէյրութի մէջ եւ նուիրուիլ իր  նախասիրած  արհետին ՝ կանանց վարսայարդարութեան։

 

  Օրերը թաւալեցան, պատերազմի շղարշը աւելիով դարձաւ հաստ ու մթագոյն։ Այդ միջոցին էր նաեւ, որ  հերթաբար  կորսնցուց իր սիրելի մայրը ու ապա հայրը։  Պայմաններու բերումով ալ Ճօրճ չկարողացաւ ներկայ ըլլալ իր սիրելի ծնողներու յուղարկաւորութեան ու ցաւալիօրէն օրեր առաջ, որպէս հանգուցեալ «վերադարձաւ» ծննդավայրը ՝Հալէպ ու միացաւ իր նախնիներու հողին։

 

  Ճիշդ է, որ 34-ամեայ Ճօրճ Վանեան  պատերազմական պայմաններու մէջ չզոհուեցաւ, բայց բոլորիս  համար պարզ է, որ Ճօրճ մաս կը կազմէ այն հարիւր-հազարներուն, որոնք ցայսօր ալ կը տանջուին եւ ձեւով մըն ալ  կը մահանան, որպէս հետեւանք Սուրիան արիւնագամ ըրած   եղելութիւններուն։

 Նշենք,  որ  հանգուցեալի  յուղարկաւորութեան եւ թաղման   արարողութիւնը տեղի ունեցած են   սեպտեմբերին Հալէպի  Վիլլաներ շրջանի  Սուրբ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ, ուրկէ ալ  անոր մարմինը փոխադրուած է Հալէպի Ազգային Գերեզմանատուն։

 

 Լուրը համադրաբար՝  «Արեւելք»-ի