Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Արք. Աշգարեան, օրերս, հիւրընկալած է Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինը։
Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Բերիոյ Հայոց Թեմի դիմատետրի պաշտօնական էջէն։
Ստորեւ կատարուած լրատւութիւնը՝
Ուրբաթ, 29 Օգոստոս 2025-ի առաւօտուն, Բերիոյ Հայոց Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Գերշ. Տ. Մակար Սրբ. Արք. Աշգարեան, Ազգ. Առաջնորդարանի իր գրասենեակէն ներս հիւրընկալեց Հ.Բ.Ը.Մ.-ի Հայ Երիտասարդաց Ընկերակցութեան Գործադիր Մարմինը, որոնց կ՚ընկերակցէին տարազաւոր սկաուտներ։
Գործադիր Մարմինի անդամները անդրադարձան ընկերակցութեան գործունէութիւններուն եւ հրաւիրեցին Սրբազան Հայրը ներկայ գտնուելու տարեկան բանակումի խարուկահանդէսին, որ տեղի պիտի ունենայ Կիրակի 7 Սեպտեմբեր 2025-ին, լատին համայնքի «Ալ-Ռամ» եկեղեցւոյ շրջափակէն ներս։
Սրբազան Հայրը, իր հայրական օրհնութիւնները փոխանցելով, մեծապէս գնահատեց Գործադիր Մարմինի անդամները եւ կատարեալ յաջողութիւն մաղթեց բանակումի աշխատանքներուն։ Այս առիթով, Սրբազան Հայրը իր նորատիպ գիրքերէն նուիրեց անոնց։