Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան տարածած հաղորդագրութիւնը, ըստ որու` Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանութեան բանակի ստորաբաժանումները խախտած են հրադադարի պահպանման ռեժիմը՝ չի համապատասխաներ իրականութեան: Այս մասին յայտնած է Արցախի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան նախարարութեան մամուլի ծառայութիւնը։
Օգոստոս 7-ի լոյս 8-ի գիշերը եւ առաւօտեան 09:00-ի դրութեամբ էական միջադէպեր չեն արձանագրուած: Հակառակ յարաբերական կայունութեան` լարուածութիւնը կը պահպանուի։
Որոշ ուղղութիւններով ատրպէյճանական զինուժը կրկին խախտած է հրադադարի պահպանման ռեժիմը` կիրառելով տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ։
Ռուսական խաղաղապահ զօրակազմի հետ կը շարունակեն աշխատանքներ իրականացուիլ իրավիճակի հետագայ կայունացման ուղղութեամբ։