image
Հրատապ լուրեր:

Հադրութի մէջ երկու զինուորի աճիւն գտնուած է

Հադրութի մէջ երկու զինուորի աճիւն գտնուած է

Զոհուած զինծառայողներու աճիւններու որոնողական աշխատանքները փրկարարական մէկ ջոկատով 13 Սեպտեմբերին իրականացուած են հարաւային թեւին մէջ՝ Ատրպէյճանի կողմէ բռնագրաւուած Հադրութի շրջանին մէջ:

Արցախի ԱԻՊԾ-ն տեղեկացուցած է, որ յայտնաբերուած է եւս 2 հայ զինծառայողի աճիւն: Անոնց ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբաժշկական փորձաքննութենէն ետք:

Զինադադարէն ետք` Արցախի գրաւեալ տարածքներուն մէջ իրականացուած որոնումներու շնորհիւ փրկարարական ջոկատները մինչ օրս յայտնաբերած եւ տարհանած են ընդհանուր 1665 աճիւն, որոնց շարքին նաեւ քաղաքացիական անձինք են:

Որոնումներու առաջիկայ ուղղութիւններու եւ արդիւնքներու մասին ԱԻ պետական ծառայութիւնը պիտի տրամադրէ յաւելեալ տեղեկութիւն: