image

Գըլընճեաններու ուրախութիւնը. Ճեֆրի եւ Օսան ամուսանցեալք

Գըլընճեաններու ուրախութիւնը. Ճեֆրի եւ Օսան ամուսանցեալք

Հակառակ Լիբանանի մէջ տիրող բարդ իրավիճակին կը գտնուին հայորդիներ, որ իրենց սրտերը միացնել հայկական օճախ կազմելու կը նուիրումին։

Այս առումով ալ բարի լուր ստացանք Լիբանանէն։

Օրերս Սուրբ Պսակի խորանին կանգնած են Ճեֆրի Գըլընճեանն ու  Օսան Քերսոյեան:

Կը նշուի , որ նորապսակներուն  ուրախութեամբ եղած պսակի արարողութիւնը տեղի ունեցած է Լիբանանի հայկական Այնճար աւանին մէջ, ի ներկայութիւն ընտանեկան եւ ընկերական սեղմ շրջանակներու:

Ճեֆրի Գըլընճեան, Պէյրութեան կտրուածքով հանրածանօթ Գրիգոր Գըլընճեանի (հանգուցեալ) բազմանդամ ընտանիքի ամենակրտսեր զաւակն է։

Մանուկ հասակէն ՀՅԴ Պատանեկան Միութեանց եւ ապա ԼԵՄ-ի շարքերուն միացած ընկ. Ճեֆրին ընկերասէր, նուիրեալ եւ  համայնքային շրջանակներուն մէջ բոլորին հասնող ընկեր ու եղբայր։ 

Մասնաւորապէս Պուրճ Համուտի Թրատ թաղամասին մէջ, ուր կը գործէ ՀՅԴ «Նիկոլ Դուման» կոմիտէն իր յարակից մարմիններով Ճեֆրին, որպէս պատանի, երիտասարդ ու ներկայիս ալ շրջանի ընկեր մնայուն ներկայութիւն է շրջանին մէջ եւ բոլորին կողմէ սիրուած անձնաւորութիւն։

Բարի բախտ կը մաղթենք նորապսակ զոյգին լիարժէքօրէն յուսալով, որ Լիբանանի վերեւ կուտակուած բոլոր սեւ ամպերը ի վերջոյ հեռանան։

Արարողութեան լուսանկարները Պէյրութահայ հանրայայտ լուսանկարիչ՝ Ալեքս Կիւրիւնլեանին («Սթիւտիո Ալէքս»):