image

Գումարի գրաւի դիմաց ամերիկեան վիզա՞. ԱՄՆ նոր ծրագիր կը մշակէ

Գումարի գրաւի դիմաց ամերիկեան վիզա՞. ԱՄՆ նոր ծրագիր կը մշակէ

Միացեալ Նահանգները կը սկսի փորձնական ծրագիր, որուն ծիրէն ներս մուտքի վիզաներ կը տրամադրուին դիմողներուն՝ 5,000-էն 15,000 տոլար արժող գրաւի հիման վրայ, իբրեւ երաշխիք՝ դիմողներու Նահանգներէն ժամանակին մեկնման ապահովման համար։ Այս մասին նշուած է ԱՄՆ Արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած փաստաթուղթին մէջ, կը հաղորդէ ria.ru-ն։

Ըստ ծրագրին՝ հիւպատոսական պաշտօնեաները իրաւունք պիտի ունենան պահանջելու, որ ոչ-ներգաղթային վիզայի դիմողը վճարէ մինչեւ $15,000 գրաւ՝ որպէս վիզայի տրամադրման պայման։ Այս ծրագիրը կը վերաբերի մասնաւորաբար B-1 եւ B-2 տիպի վիզաներուն, որոնք նախատեսուած են գործուղումի կամ զբօսաշրջութեան նպատակով Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու համար։

Ծրագիրը պիտի վերաբերի այն երկիրներէ ժամանող օտարերկրացիներուն, ուր ըստ ԱԳՆ-ի՝ ամենաբարձր մակարդակով կը խախտուին վիզայի ժամկէտները։ Թէեւ երկրի անուններ չեն նշուած, փաստաթուղթին մէջ յստակեցուած է, որ այս ծրագիրը կը գործէ միայն այդ ցուցանիշներու հիման վրայ։

Փորձնական ծրագիրը պիտի գործէ մինչեւ Օգոստոս 2026, եւ գրաւի ճշգրիտ գումարը պիտի որոշէ հիւպատոսական պաշտօնեան՝ դիմումի ուսումնասիրութեան հիման վրայ։ Գումարը կրնայ կազմել $5,000, $10,000 կամ $15,000։

Փաստաթուղթին մէջ նշուած է․ «Գրաւի պայմանները չխախտելու համար անհրաժեշտ է ժամանել Միացեալ Նահանգներ եւ օդային ճամբով հեռանալ՝ նախապէս որոշուած օդակայաններէն մէկով՝ ըստ ծրագրին»։