image

«Գորշ գայլեր»ու առաջնորդը կրակ կը ժայթքէ ընդդիմութեան դէմ

 «Գորշ  գայլեր»ու  առաջնորդը կրակ կը ժայթքէ ընդդիմութեան դէմ

Պահչէլի  խօսելով ընտրական հաւաքի մը ընթացքին   նկատել տուած է,  որ   ընդդիմութիւնը «դաւաճաններու խումբ  է,  եւ  անոնք պէտք է անպայման  պատժուին։ Կամ  բանտերը պիտի լեցուին եւ կամ ալ      պէտք է կրակ բացուի անոնց վրայ»։

Թուրքիոյ   ազգայնական ՝  կուսակցութեան (MHP)առաջնորդ  Տէւլէթ Պահչէլի,   կրակ  ժայթքած է  երկրի    գլխաւոր ընդդիմութեան հասցէին։

 Պահչէլի  խօսելով ընտրական հաւաքի մը ընթացքին   նկատել տուած է,  որ   ընդդիմութիւնը «դաւաճաններու խումբ  է,  եւ  անոնք պէտք է անպայման  պատժուին։ Կամ  բանտերը պիտի լեցուին եւ կամ ալ      պէտք է կրակ բացուի անոնց վրայ»։

 Իշխանական գործիչը    նաեւ ըսած է, որ ընդդիմութիւնը      մեղաւոր է, որովհետեւ  իր  խօսքով անոնք մերժեցին Թուրքիոյ բանակի  մուտքը   Սուրիա եւ  թրքական ներկայութիւնը  Լիպիոյ մէջ։

 Յիշեցնենք, որ   Թուրքիոյ ընտրութիւններուն ընդամէն  մէկ շաբաթ մնաց եւ անոնք պիտի կայացուին յառաջիկայ կիրակի   14 Մայիսին։