image
Հրատապ լուրեր:

Գորիսի մէջ. Նոր թաղամասի բացում կատարուած է

Գորիսի մէջ. Նոր թաղամասի բացում կատարուած է

Գորիսի մէջ, 12 օգոստոսին, տեղի ունեցած է վերակառուցուած Արտաշէսեան փողոցի եւ խաղահրապարակի բացումը։ Բացման արարողութեան մասնակցած են քաղաքապետ Առուշ Առուշանեանը, Սիւնեաց թեմի առաջնորդական տեղապահ Տէր Մակար վարդապետ Յակոբեանը, Քաջարանի համայնքապետ Մանուէլ Փարամազեանը, Սիսիանի նախկին համայնքապետ, «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր Արթուր Սարգսեանը, Ստեփանակերտի քաղաքապետ Դաւիթ Սարգսեանը։

Առուշ Առուշանեան լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ ըսած է, որ վերակառուցուած թաղամասը նախապէս երբեւէ չէ ասֆալթապատուած եւ բարեկարգուած։ Բացի այս թաղամասէն՝ եւս հինգ թաղամաս կը վերակառուցուի։

«Ծախսուող գումարի 55%-ը ներդրել է համայնքը, 45%-ը՝ պետութիւնը։ Այս պահի դրութեամբ՝ համայնքում ընթանում է մօտ 2 միլիառ դրամի կապիտալ շինարարութիւն։ Կոնկրետ այս թաղամասի համար մօտ 135 մլն դրամ է պահանջուել, բայց թաղամասի յարակից հատուածները եւս պէտք է կառուցուեն։ Մօտ այդքան գումար էլ պէտք է տրամադրուի, որ թաղամասում աշխատանքներն աւարտուեն։ Մեր սկզբունքն է՝ քաղաքի ծայրամասային բոլոր թաղամասերը պէտք է բարեկարգուեն»,- նշած է Առուշանեան։

Քաղաքապետի խօսքով՝ վերանորոգումները կ'ընթանան քաղաքի հին պատմական կեդրոնի տեսքը ստանալու համար։ Վերանորոգուող թաղամասերէն երկուքն ալ պիտի կոչուին Մխիթար Սպարապետի եւ Դաւիթ Բեկի անուններով։  Առուշ Առուշանեանի խօսքով՝ Գորիսի հիւրատուները եւ հիւրանոցները կրնան հիւրընկալել 1150 զբօսաշրջիկներու։ Ըստ անոր՝ պատերազմէն ետք զբօսաշրջութեան հոսքը քաղաքին մէջ աստիճանաբար պիտի վերականգնուի։ 

«Մեր հասարակութեան մօտ կայ թիւրըմբռնում, որ Սիւնիք այցելելու ժամանակ պարտադիր պէտք է թշնամու դիրքերով անցնեն։ Ես բոլորին հրաւիրում եմ Գորիս, այստեղ անվտանգ է։ Մարդիկ կարող են գալ, բոլոր պայմանները ստեղծուած են, մենք էլ հիւրասէր ժողովուրդ ենք։ Մենք առաւել շատ պէտք է ցանկանանք գնալ վայրեր, որոնք սահմանամերձ են, թշնամուն մօտ, որ թշնամին տեսնի՝ մենք պատրաստակամ ենք, մեր հողի վրայ կանգնած։ Թշնամուց պէտք չէ վախենալ»,- ընդգծած է Առուշանեանը։

Առուշ Առուշանեան աւելցուցած է, որ Գորիսի չբնակեցուած տուները եւս կրնան հիւրատուներ դառնալ։