image
Հրատապ լուրեր:

Գրիգորի Հայրապետեան ոչ եւս է

Գրիգորի Հայրապետեան ոչ եւս է

Կեանքի 55-րդ

տարին, իր բնակարանին մէջ, մահացած է Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան Պետական պահպանութեան ծառայութեան նախկին պետ, զօրավաի

ր Գրիգորի Հայրապետովը։

Գրիգորի Հայրապետովը 1991թ–էն մինչեւ 2018 եղած է Հայաստանի երեք նախագահներու՝ Լեւոն Տէր Պետրոսեանի, Ռոպերթ Քոչարեանի, Սերժ Սարգսեանի եւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի անվտանգութեան գլխաւոր պատասխանատուն։

 

2019-ի հոկտեմբեր 15-ին Հայրապետով ազատուեցաւ ԱԱԾ Պետական պահպանութեան ծառայութեան պետի պաշտօնէն։

Գրիգորի Ալպերթի Հայրապետովը՝ ծնած 1967–ի Մարտ 18–ին, կեներալ-մայոր էր:

2006-ի Սեպտեմբերին պարգեւատրուած է «Հայրենիքին մատուցած ծառայութիւններու համար» առաջին աստիճանի մետալով՝ հայրենիքի անվտանգութեան ապահովման գործին մէջ ունեցած նշանակալի ծառայութիւններու, ինչպէս նաեւ ծառայողական պարտքը կատարած ժամանակ ցուցաբերած խիզախութեան համար:

Ծառայած է Խորհրդային բանակին մէջ, 1991-էն բարձր պարտաւորուածութեան եւ կազմակերպուածութեան համար հրաւիրուած է եւ աշխատանքի անցած է ՀՀ նախագահի անվտանգութեան ապահովման բաժնին մէջ:

Այդ գործին մէջ իր կողմէ ցուցաբերած բացառիկ արհեստավարժութեան, զսպուածութեան, չափաւորութեան ու անկողմնակալութեան համար միշտ մեծապէս գնահատուած է, երկրի նոր ղեկավարներուն ու աշխատակիցներուն, ինչպէս նաեւ ՌԴ, ԱՊՀ, ԱՄՆ, ԵՄ ու այլ երկիրներու իր խատակիցներուն կողմէ: Գերազանցութեամբ աւարտած է ԱԱԾ եւ ՌԴ ԴՊԾ ակադեմիաները: