Գրաւուած Արցախի մէջ մոլեգնող անտառային հրդեհները տարածուած են նաեւ Մարտունիի տարածքին մէջ:
Հրդեհի մարման աշխատանքներուն ներգրաւուած է 80 մարդ, նաեւ 7 հրշէջ ջոկատ: Գործողութեան կը մասնակցի երկու ուղղաթիռ:
Աւելի վաղ հաղորդուած էր, որ Ակնայի եւ Մարտակերտի մէջ բռնկուած անտառային հրդեհները կը շարունակուին. հրդեհներուն գօտիներուն մէջ յայտնաբերուած է չպայթած զինամթերք:
Կ'այրին Ակնայի եւ Մարտակերտի մօտակայքը գտնուող անտառներն ու արօտավայրերը, կրակը կը տարածուի յարակից տարածքներ: