image

Գնալը Կղզիի Յունաց Վանքի Քամփին 65-ամեակին առթիւ հանդիսութիւն

Գնալը Կղզիի Յունաց Վանքի Քամփին 65-ամեակին առթիւ հանդիսութիւն

Գնալը Կղզիի Յունաց Վանքի Քամփին 65-ամեակին առթիւ, օրերս, տեղի ունեցած է Յունական Պարի հանդիսութիւն մը, որուն հիւրաբար մասնակցեցած են Պրուսայի Յունաց Տ. Եոաքիմ Մետրոպոլիտը եւ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Պոլսոյ մեր պաշտօնակից՝ «Նոր Մարմարա»էն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝

Գնալը Կղզիի Յունաց Վանքի Քամփին 65-ամեակին առթիւ 1 Օգոստոս 2025, Ուրբաթ երեկոյեան տեղի ունեցաւ Յունական Պարի հանդիսութիւն մը, որուն հիւրաբար մասնակցեցան Պրուսայի Յունաց Տ. Եոաքիմ Մետրոպոլիտը եւ Իշխանաց Կղզեաց Հոգեւոր Հովիւ Տ. Յարութիւն Վրդ. Տամատեանը։ 

Քամփի տնօրէն՝ Տիամանտի Քումվօբուլոս բարի գալուստ մաղթեց հիւրերուն եւ ներկայացուց Յունաստանէն ժամանած պարախումբերը։ Հանդիսութեան հետեւեցան նաեւ հայազգի ընտանիքներ, որոնց շարքին էին քամփի համակիրներէն Արի Չօլաքն ու ընտանիքը, ինչպէս նաեւ Մարալ պարախումբի գեղարուեստական ղեկավար Կարպիս Չափքանը։

Հանդիսութեան աւարտին հոգեւոր առաջնորդներ, հիւրեր եւ քամփի տղաքը, համախմբուեցան պահքի սեղանի շուրջ եւ բաժնեցին իրենց լաւ տպաւորութիւնները։ Յոյն համայնքի ներկայացուցիչները Հայր Սուրբի գլխաւորութեամբ, բոլոր ներկայ հայ հիւրերուն շնորհակալութիւն յայտնեցին իրենց մասնակցութեանց համար։