image

Գլխաւորութեամբ Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի՝ այցելութիւն SALT հաստատութիւն

Գլխաւորութեամբ Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեանի՝ այցելութիւն SALT հաստատութիւն

Ամանորի եւ Ս. Ծնունդի առիթով, օրերս, Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքապետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Համայնքի անձնակազմը այցելած են SALT հաստատութիւն:

Այս մասին «Արեւելք» իմացաւ Հալէպի Հայ Աւետարանական Բեթէլ Եկեղեցւոյ պաշտօնական էջէն։

Ստորեւ հաղորդագրութիւնը՝

Ամանորի եւ Ծնունդի առիթով Ուրբաթ, 16 Յունուար 2026-ին Սուրիոյ Հայ Աւետարանական Համայնքի Պետ Վեր. Դոկտ. Յարութիւն Սելիմեան եւ Համայնքի անձնակազմը այցելեցին SALT հաստատութիւն: Կողմերը անդրադարձան եղբայրական յարաբերութեան, փորձառութիւններու փոխանակման եւ համագործակցութեան հեռանկարները քննարկելու նպատակով, ինչպէս նաեւ հաստատութեան ծրագիրներուն: 

Այցելութիւնը ընթացաւ ջերմ եւ կառուցողական մթնոլորտի մէջ, ուր ընդգծուեցաւ համատեղ ծառայութեան կարեւորութիւնը, կրթական եւ համայնքային նախաձեռնութիւններու մէջ ուժերու միաւորման անհրաժեշտութիւնը։ Իր կարգին, Համայնքապետ Վերապատուելին բարձր գնահատեց հաստատութեան անդամներուն տարած աշխատանքը, գլխաւորութեամբ Սուրիոյ բաժինի տնօրէնուհի Տիկ. Սարա Տողրամճիի, յանուն ժողովուրդի կարիքներուն հասնելու ծրագիրները, ապա յուշանուէր փոխանցեց, որպէս փոխադարձ յարգանքի, բարեկամութեան եւ շարունակական համագործակցութեան խորհրդանշական արտայայտութիւն։