Գիւմրիի համայնքապետ Վարդան Ղուկասեանի եւ եւս եօթ անձի նկատմամբ կայացուած են հանրային քրէական հետապնդումներ յարուցելու եւ ձերբակալելու մասին որոշումներ։ Այս մասին յայտնած են Հակափտածութեան կոմիտէէն։
Կառոյցէն յայտնած են, որ փաստական տուեալներ ստացուած են Գիւմրի համայնքի ղեկավարի եւ գլխաւոր ճարտարապետի կողմէ նախնական համաձայնութեամբ կաշառք–գումարներ պահանջելու եւ ստանալու դէպքերու վերաբերեալ։
Ձեռնարկուած միջոցառումներու հետեւանքով, մասնաւորապէս, պարզուած է, որ Գիւմրի համայնքի ղեկավարը եւ գլխաւոր ճարտարապետը, տեղեկանալով այն մասին, որ քաղաքացիի կողմէ Գիւմրի համայնքի Գարեգին Նժդեհ փողոցի 1/9 հասցէին վրայ կառուցուած է շուրջ 1500 մ2 մակերեսով ինքնակամ շինութիւն, որ ենթակայ եղած է քանդման, եկած են նախնական համաձայնութեան՝ քաղաքացիի հետ մտնել «կոռուպցիոն» գործարքի մէջ՝ խոստանալով կառուցուած ինքնակամ շինութեան քանդման ուղղութեամբ միջոցներ չձեռնարկել, աւելին՝ կազմել շինութիւնն իբրեւ քանդուած եւ նոր կառուցուած ըլլալու վերաբերեալ պաշտօնական կեղծ փաստաթուղթեր, օրինականացնել այն՝ ատոր դիմաց պահանջելով խոշոր չափերով՝ չորս միլիոն ՀՀ դրամ գումարի կաշառք։
Ի կատարումն իրենց յանցաւոր մտադրութեան՝ գլխաւոր ճարտարապետը, համայնքի ղեկավարի հետ նախնական պայմանաւորուածութեան համաձայն, անոր գիտութեամբ, տարբեր անգամներ հանդիպումներ ունեցած է ինքնակամ շինութիւնը կառուցած քաղաքացիի հետ՝ քննարկումներ ունենալով քաղաքային պաշտօնեաներու կողմէ շինութիւնն օրինականացնելու գործընթացի մանրամասնութիւններու, ինչպէս նաեւ պահանջուած կաշառքի առարկայ գումարը փուլային՝ «գործողութիւն–գումար–գործողութիւն–գումար» ձեւով մաս–մաս փոխանցելու հանգամանքներու շուրջ՝ այդ կերպ ներկայացնելով կաշառք ստանալու վերջնական պահանջ եւ ստանալով այն տալու խոստում։
Բացի այդ, քրէական վարոյթով փաստական տուեալներ ստացուած են առ այն, որ յանցաւոր խումբի անդամները, ձգտելով ապահովել իրենց կաշառակերութեան գործողութիւններու գաղտնիութիւնը եւ շարունակականութիւնը, նպատակաուղղուած թիրախաւորած են Գիւմրի համայնքի աւագանիի՝ իրենց ոչ ցանկալի անդամները՝ անոնց վերաբերեալ տարաբնոյթ տեղեկութիւններ հաւաքելու եւ սպառնալիքի միջոցով վերահսկելի դարձնելու հաշուարկով։
Վերոգրեալէն բացի, քրէական վարոյթի նախաքննութեան ընթացքին փաստական տուեալներ ստացուած են առ այն, որ համայնքի ղեկավարը, օգտուելով ի պաշօոնէ իրեն տրուած հնարաւորութենէն, գործնականօրէն նախաձեռնած է փաստացի իր կողմէ օգտագործուող եւ համայնքի հաշուեկշռին մէջ գտնուող հողամասն արհեստական հիմքերու ստեղծմամբ իր ներգրաւուած անձի անուամբ սեփականաշնորհելու եւ իր մերձաւոր ազգականին պատկանող ինքնակամ կառուցուած շինութիւնն օրինականացնելու նպատակով պաշտօնէական փաստաթուղթեր կեղծելու գործընթաց։ Աւելին, վարոյթով փաստական տուեալներ ստացուած են նաեւ գլխաւոր ճարտարապետի կողմէ եւս 6 դէպքով ապօրինի գործողութիւններ կատարելու դիմաց շարք մը քաղաքացիներէ տարբեր չափերով կաշառք–գումարներ ստանալու մասին։
Քրէական վարոյթով կը շարունակուին իրականացուիլ լայնածաւալ հետախուզական եւ ապացուցողական գործողութիւններ՝ ամբողջութեամբ բացայայտելու «կոռուպցիոն սխեմա»ի կառուցվածքն ու գործող մեխանիզմները, ինչպէս նաեւ յանցաւոր ցանցի մէջ ներգրաւուած անձանց ամբողջական շրջանակը։