image

Գիւմրիի մէջ ծանր սպանութիւն

Գիւմրիի մէջ ծանր սպանութիւն

Սպանութիւն տեղի ունեցած է Գիւմրի քաղաքի կեդրոնը՝ «Պոնչիկ-պոնչիկ» սրճարանի դիմաց գտնուող լեհական հագուստի խանութին մէջ։ 

  Այս մասին «Արեւելք»՝ տեղեկացաւ Aravot.am-էն:

Նախնական տեղեկութեամբ, հագուստի խանութի տիրոջ՝ Անահիտ Իսկանտարեան գտած են սպանուած, կոկորդը կտրած։ Անահիտ Իսկանտարեան մայրն է սպանուած Կարէն Եսայեանին, որ Գիւմրիի նախկին քաղաքապետ Վարդան Ղուկասեանին դստեր փեսացուն էր։

ՀՀ ոստիկանութեան հասարակայնութեան հետ կապի եւ լրատուութեան վարչութեան պետի տեղակալ՝ Էտկար Ճանոյեան հաստատեց տեղեկութիւնը՝ նշելով, որ ժամը 13:50-ին շտապօգնութիւնէն հաղորդած են ոստիկանութեան, որ Գիւմրիի Բագրատունեաց օղակի մէջ՝ «Յովնան» խանութին մօտ, մահացած մարդ կայ, մահացողը կին է։ Դէպքի վայր մեկնած է քննչական խումբ եւ անհրաժեշտ գործողութիւններ կը կատարուին հանգամանքները պարզելու համար։

Շիրակի դատախազ՝ Գուրգէն Գիրգորեան յայտնեց, որ յայտնաբերուած է 1958 թուականին ծնած Ա․-ի դին, նախաքննութեան մարմիները կ'աշխատին դէպքի վայրին մէջ: