Վերաքննիչ քրէական դատարանը՝ նախագահութեամբ դատաւոր Տիգրան Սիմոնեանի, բաւարարելով դատախազի բողոքը՝ գերութենէն վերադարձած մայոր Նարեկ Երեմեանը 2 ամիսով կալանաւորելու մասին որոշում կայացուցած է։ Այս մասին յայտնեց Նարեկ Երեմեանի փաստաբան Գարմեն Պօղոսյենը։
Յիշեցնենք, որ զօրամասի գումարտակի հրամանատարի տեղակալ, մայոր Նարեկ Երեմեանի կալանաւորման միջնորդութիւնը դատարանը մերժած էր, մեղադրող դատախազն ալ դիմած էր Վերաքննիչ դատարան։
Փաստաբան Գարմեն Պօղոսեանը դատախազին ներկայացուցած բողոքի հիմնաւորումները թոյլ ու անհիմն որակեց եւ ըսաւ, որ իրենք ալ կը պատրաստուին վճռաբեկ բողոք ներկայացնելու։
Նշենք, որ Նարեկ Երեմեանը կը մեղադրուի ՀՀ ՔՕ 365-րդ յօդուածի 3-րդ մասի (մարտական հերթապահութիւն կամ մարտական ծառայութիւն կրելու կանոնները խախտելը) յատկանիշներով։
Նարեկ Երեմեանը իրեն առաջադրուած մեղադրանքը ընդունած է։
Այդ քրէական գործով կալանաւորուած են 5 զինուոր, որոնք կը մեղադրուին մարտական ծառայութեան կանոնները խախտելու համար, այս յօդուածով անոնց կը սպառնայ 3-7 տարուայ ազատազրկում։ Իսկ գումարտակի բարոյահոգեբանական ապահովման գծով տեղակալ, մայոր Նարեկ Երեմեանին կը սպառնայ 3-8 տարուայ ազատազրկում։