image

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը չյայտարարուած այցով ժամանած է Քիեւ

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարարը չյայտարարուած այցով ժամանած է Քիեւ

Գերմանիոյ պաշտպանութեան նախարար Պորիս Փիսթորիուսը չյայտարարուած այցով ժամանած է Քիեւ։ Այս մասին յայտնած է Frankfurter Allgemeine Zeitung (FAZ) թերթը։

Հրատարակութեան տուեալներով՝ նախատեսուած են անոր բանակցութիւնները Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքիի եւ ուքրանացի գործընկեր Ռուսթեմ Ումերովի հետ։

Ինչպէս նշած է պարբերականը, Փիսթորիուսը Քիեւ ժամանած է երեքշաբթի առաւօտեան գնացքով։

Գերմանիան Ուքրանիոյ զէնք մատակարարող երկրորդ երկիրն է Միացեալ Նահանգներէն ետք։ Գերմանիայէն Ուքրանիոյ տրամադրուող օգնութեան ընդհանուր ծաւալը՝ մարդասիրական, ֆինանսական եւ ռազմական, վերջին մէկուկէս տարուան ընթացքին կազմած է մօտ 24 միլիառ եւրօ։

Նոյեմբեր 20-ին Ուքրանիա այցելած էր Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լլոյտ Օսթընը։ Անոր այցի մասին նոյնպէս նախապէս չէր յայտարարուած։