Գերմանիոյ կառավարութեան խօսնակ Շթեֆան Հեպշթրայթը յայտարարած է, որ եթէ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի նկատմամբ ձերբակալութեան միջազգային հրաման տրուի, Գերմանիան պարտաւոր պիտի ըլլայ ձերբակալել անոր։ Այս մասին X-ի էջին յայտնած է Politico-ի լրագրող Փիթեր Ուիլքը։
«Մենք պարտաւորուած ենք օրէնքով, Գերմանիան կ՚աջակցի դատարանին եւ այդպէս ալ պիտի մնայ», - ըսած է խօսնակ Շթեֆան Հեպշթրայթը։
Ան հրաժարած է պատասխանելէ լրագրողի այն հարցին, թէ Գերմանիան կ՚ընդունի՞ Իսրայէլի կոչը, որ երկիրները պէտք է ձեռնպահ մնան ձերբակալութեան հրամանի կատարումէն։
Ըստ Spiegel-ի՝ Գերմանիան Իսրայէլի վարչապետի ձերբակալութեան սենարը կը համարէ «խիստ զգայուն»՝ հաշուի առնելով Հոլոքոսթի յիշատակի հարցը։
Յիշեցնենք, որ մայիս 20-ին Միջազգային քրէական դատարանի ընդհանուր դատախազ Քարիմ Խանը պահանջած էր Նաթանիահուի, ինչպէս նաեւ Իսրայէլի պաշտպանութեան նախարար Եոաւ Կալանթի եւ «Համաս»-ի երեք առաջնորդներու ձերբակալման հրաման տրամադրել։
Ի պատասխան՝ Նաթանիահուն Հաակայի Միջազգային քրէական դատարանը մեղադրած է հակասեմականութեան համար։ Նաթանիահուն ըսած էր, որ ինքը «զզուանքով» կը մերժէ Խանի յայտարարութիւնը, եւ որ այդ «նոր հակասեմականութեան» օրինակ է։