Գերմանիան, Ֆրանսան եւ Լեհաստանը պիտի աւելցնեն երրորդ երկիրներէ սպառազինութիւններու գնումները՝ Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն մատակարարելու համար։ Այդ մասին յայտարարած է Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց՝ Ֆրանսայի եւ Լեհաստանի ղեկավարներու հետ համատեղ համաժողովին:
«Այս պահէն սկսեալ՝ մենք աւելի շատ զէնք պիտի գնենք Ուքրանիոյ համար, ընդ որում՝ համաշխարհային ամբողջ շուկայէն։ Կ'ընդլայնուի նաեւ ռազմական զինատեսակներու արտադրութիւնը, անոր կարգին՝ Ուքրանիոյ գործընկերներու հետ համագործակցութեան հաշւոյն»,- ըսած է Շոլց։
Ան նաեւ տեղեկացուցած է, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրները «Ռամշթայն» ձեւաչափով հանդիպումներու ընթացքին դաշինք կը ստեղծեն Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն հեռահար զինատեսակներ փոխանցելու համար: