Գերմանիոյ արտաքին քաղաքական գործիչները կոչ կ'ընեն Ատրպէյճանին՝ դադրեցնելու Լաչինի միջանցքի արգելափակումը դէպի Լեռնային Ղարաբաղի տարածաշրջան, ուր 120 հազար մարդ օրեր շարունակ կտրուած է բոլոր մատակարարումներէն։
«Արմէնփրէս»-ի հաղորդմամբ՝ Պունտեսթագի ՔԴՄ (Քրիստոնեայ-դեմոկրատական միութիւն)/ՔՍՄ (Քրիստոնէական Սոցիալական Միութիւն) խորհրդարանական խումբի արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խօսնակ Եուրկէն Հարտթը կոչ ըրած է Ատրպէյճանի կառավարութեան դադրեցնելու Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի միջեւ Լաչինի միջանցքի շրջափակումը։
«Հակառակ որ Ատրպէյճանը կը պնդէ, որ դիւանագիտական լուծում կը փնտռէ, հակամարտութիւնը չի հանդարտիր», -ըսած է Հարտթը RedaktionsNetzwerk Deutschland (RND)-ին ու աւելցուցած. «Ակնյայտօրէն, շրջափակողներուն կ'աջակցի Պաքուն: Պաքուի կառավարութիւնը պէտք է անյապաղ դադրեցնէ շրջափակումը»:
Պունտեսթագի Կանաչներ խմբակցութեան արտաքին քաղաքականութեան հարցերով խօսնակ Եուրկէն Թրիթինը եւս Ատրպէյճանէն պահանջած է անյապաղ դադրեցնել Լեռնային Ղարաբաղի շրջափակումը, հակառակ պարագային՝ մարդասիրական աղէտ կը սպառնայ։
«Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւին նոյնպէս պէտք են յստակ ազդանշաններ Եւրոպայէն, որ ան պէտք է ազատէ Լաչինի միջանցքը: Ատրպէյճանի նոր դերը, որպէս Եւրոպայի համար ուժանիւթի կարեւոր մատակարար, պէտք չէ պատճառ ըլլայ, որ Պրիւքսէլ մեղմ արձագանգէ»,-ըսած է Թրիթին։