image

Գերեվարուած Վիգէն Էօլճեքճեանի հարց. Ատրպէյճանի դեսպանը Լիբանանի ԱԳՆ կանչուած է

Գերեվարուած Վիգէն Էօլճեքճեանի հարց.  Ատրպէյճանի դեսպանը Լիբանանի ԱԳՆ կանչուած է

Լիբանանի մօտ Ատրպէյճանի դեսպան Աղա Սալիմ Շոքորով կանչուեցաւ երկրի արտաքին գործոց նախարարութիւն եւ ընդունուեցաւ նախարարութեան քաղաքական եւ հիւպատոսական հարցերու տնօրէն Ղատի Խուրիի կողմէ:

Ատրպէյճանի դեսպանին փոխանցուեցաւ արտաքին գործոց նախարարութեան դժգոհութիւնը Պաքուի մէջ գերի պահուող լիբանանահպատակ Վիգէն Էօլճեքճեանի հարցին գծով Ատրպէյճանի  ձգձգումներուն եւ Լիբանանի դիմումները անպատասխան ձգելուն պատճառով:

Վիգէն Էօլճեքճեանի ձերբակալման թուականէն՝  10 Նոյեմբեր 2020էն ի վեր, Լիբանան բազմիցս դիմած է Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն՝ անոր ազատ արձակումը պահանջելով: Միաժամանակ մերժուած է Թեհրանի մօտ Լիբանանի դեսպանին կողմէ (նկատի ունենալով, որ Լիբանան դեսպան չունի Պաքուի մէջ)՝ Վիգէնը տեսնելու իրաւունքը:

Նկատի ունենալով Վիգէնի առողջական վիճակը եւ հարցին քաղաքական բնոյթը՝ Ղատի Խուրի պահանջեց, որ Ատրպէյճան արագ միջոցներու դիմէ հարցին լուծում գտնելու համար:

 

Լուրը՝ «Ազդակ»էն