image

Գանատա. Համազգայինի նուիրեալներէն՝ Յակոբ Մանճիկեանի կորուստը

 Գանատա. Համազգայինի նուիրեալներէն՝ Յակոբ Մանճիկեանի կորուստը

 Օրերս Գանատայի Մոնթրէալ քաղաքի հայկական համայնքը մեծ ափսոսանքով հողին յանձնած է նորոգ հանգուցեալ Համազգայնական նուիրեալ գործիչ՝ Յակոբ Մանճիկեանի մարմինը։

Այս մասին «Արեւելք» վերահասու դարձաւ Համազգայինի Գանատայի մարմնի դիմատետրի էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է ՝

 

Համազգային Գանատայի Շրջանային վարչութիւնն ու Քէպէքի «Սանահին» մասնաճիւղի վարչութիւնը սրտի խոր կսկիծով կը գուժեն մահը` Համազգային Շրջանային եւ Մոնթրէալի վարչութեանց նախկին եւ վաստակաւոր անդամ ընկ. Յակոբ Մանճիկեանի։ 

Ընկ. Յակոբը Համազգայինի սիւներէն էր, որ իր սիրելի միութիւնը ամէն բանէ վեր կը դասէր եւ անվերապահօրէն կը ծառայէր անոր։ Բարի հոգիով, ժպտադէմ, կատակասէր ու մեծ համբերութեան տէր մեր Քեսապցի ընկերոջ կորուստը մեծ է... Ան մեր բոլոր ձեռնարկներուն մշտական ներկայութիւն եւ քաջալեր հանդիսացողն էր։ Խիստ հայրենասէր, արուեստասէր եւ գրականասէր ընկերոջ բացակայութիւնը մեծապէս պիտի զգանք մեր շարքերէն ներս։ Մեր խորին ցաւակցութիւնները կը յայտնենք իր սիրելի տիկնոջ՝ ընկհ. Տիրուկ Մանճիկեանին, երեք զաւակներուն, թոռներուն եւ ընտանեկան բոլոր պարագաներուն։

Մեր սիրելի Համազգայնական ընկերոջ հոգին թող լոյսերուն մէջ ննջէ։