Երուսաղէմ գտնուող Ֆրանսայի նախկին նախագահ Նիքոլա Սարքոզի հանդիպում ունեցած է Երուսաղէմի Հայոց Միաբանութեան ժրաջան անդամներէն՝ Հոգշ. Տ. Կորիւն վրդ. Պաղտասարեանին։
Այս մասին գրառում մը կատարած է Հայր Սուրբ, առանց նշելու առիթն ու հանդիպման բովանդակութիւնը։
Մեր ընթերցողներուն յիշեցնենք, որ Կորիւն վարդապետը վերջերս կարեւոր պաշտօն մը ստանձնած էր դառնալով Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Կալուածոց Տեսուչ։
Նորանոր յաջողութիւններ Հայր Սուրբին։