image

Ֆրանսայի դեսպանը, Փարիզի մէջ խորհրդակցութիւններէն ետք, վերադարձած է Ատրպէյճան

Ֆրանսայի դեսպանը, Փարիզի մէջ խորհրդակցութիւններէն ետք, վերադարձած է Ատրպէյճան

Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Անն Պուայոնը, հայրենքիի մէջ խորհրդակցութիւններէ ետք, վերադարձած է Ատրպէյճան եւ կը շարունակէ իր դիւանագիտական գործունէութիւնը, յայտնած է ԱՊԱ-ն։

Յիշեցնենք, որ դեսպանը ետ կանչուած էր խորհրդակցութիւններու համար՝ Պաքուի եւ Փարիզի լարուած յարաբերութիւններու լոյսին տակ։

«Ֆրանսան որոշած է ետ կանչել Ատրպէյճանի մէջ իր դեսպանը խորհրդակցութիւններու համար՝ կապուած վերջին ամիսներուն Ատրպէյճանի կողմէ միակողմանի գործողութիւններու շարունակման հետ, որոնք վնաս կը հասցնեն մեր երկիրներու յարաբերութիւններուն։ Հանրապետութեան նախագահը ափսոսանք յայտնած է Ատրպէյճանի գործողութիւններու համար եւ ցանկութիւն յայտնած, որ ատրպէյճանական կողմը յստակեցնէ իր մտադրութիւնները»,- այն ժամանակ յայտարարած էր Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը։