image

Ֆրանսան իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու Իրանը

Ֆրանսան իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու Իրանը

Ֆրանսայի ԱԳՆ-ն Իրան գտնուող իր քաղաքացիներուն կոչ ըրած է անյապաղ լքելու Իրանը:

«Ֆրանսայի քաղաքացիներուն, որոնք կը գտնուին Իրանի մէջ, կը յորդորենք հնարաւորինս շուտ լքել երկիրը՝ հաշուի առնելով կամայական կալանաւորման վտանգները»,-ըսուած է հաղորդարգութեան մէջ։ 

ԱԳ նախարարութեան այս յայտարարութիւնը պայմանաւորուած է այն  հանգամանքով, որ Իրանի մէջ գտնուող ֆրանսացիները կալանաւորման եւ անարդար դատավարութեան վտանգի կ'ենթարկուին։

«Այս պայմաններուն Թեհրանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանատան հնարաւորութիւնները՝ ապահովելու իր քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը, խիստ սահմանափակ են»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։