Ֆրանսան ետ կանչած է Ատրպէյճանի մէջ իր դեսպանը՝ խորհրդակցութիւններու նպատակով։ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտնած է, որ պատճառը Ատրպէյճանի միակողմանի գործողութիւններն են, որոնք վնաս կը հասցնեն երկու երկիրներու յարաբերութիւններուն։
Նշուած է, որ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն արդէն ընդունած է Ատրպէյճանի մէջ Ֆրանսայի դեսպանը։ Հանդիպման Մաքրոն ափսոսանք յայտնած է Ատրպէյճանի գործողութիւններու կապակցութեամբ եւ ցանկութիւն յայտնած է լսելու ատրպէյճանական կողմի պարզաբանումը։
«Ֆրանսան կը վերահաստատէ իր աջակցութիւնը Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման՝ յարգելով միջազգային իրաւունքը եւ երկու երկիրներու տարածքային ամբողջականութիւնը։ Սա օգուտ կը բերէ ինչպէս երկիրներուն, այնպէս ալ ամբողջ տարածաշրջանին»,-ըսուած է Ֆրանսայի Արտաքին գործոց նախարարութեան հաղորդագրութեան մէջ։