Ֆրանսան 100 միլիոն եւրօ օգնութիւն պիտի տրամադրէ Լիբանանին աջակցութեան համար, հինգշաբթի Փարիզի մէջ կայացած միջազգային համաժողովին ըսած է Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը։ Այս մասին գրած է rfi.fr կայքը:
Ան ընդգծած է, որ «Լիբանանի բնակչութեան, ինչպէս պատերազմի պատճառով տեղահանուած հարիւր հազարաւոր մարդոց, այնպէս ալ անոնց հիւրընկալող համայնքներուն անյապաղ հսկայական օգնութիւն անհրաժեշտ է»:
Լիբանանեան «Հըզպալլա» շարժման զինեալներու եւ Իսրայէլի միջեւ պատերազմի հետեւանքով երկրին մէջ աւելի քան 800,000 մարդ տեղահանուած է, աւելի քան 2,500 մարդ զոհուած է, տնտեսական ճգնաժամը խորացած է:
Համաժողովի ֆրանսացի կազմակերպիչները յոյսով են, որ մասնակիցներու կողմէ մարդասիրական օգնութեան ֆինանսական խոստումները կը բաւարարեն 426 միլիոն տոլարը, որ, ըստ ՄԱԿ-ի, անյապաղ անհրաժեշտ է Լիբանանին: