image

Ֆրանսահայ վիրաբոյժի նոր նուաճումը. Արամ Ղազարեան կարողացած է զոյգ ձեռքերու եւ ուսերու պատուաստում (Տեսանիւթ)

Ֆրանսահայ վիրաբոյժի նոր նուաճումը. Արամ Ղազարեան կարողացած է զոյգ ձեռքերու եւ ուսերու պատուաստում (Տեսանիւթ)

   Երկար եւ դժուար ճանապարհ կտրած  Ֆելիքս, վիրահատութենէն ետք ապաքինման շրջան մը կը բոլորէ։ Բժիշկներուն համար տակաւին յստակ չէ, թէ որքանով կը վերականգնի անոր շարժունակութիւնը, սակայն վիրահատութենէն ետք ոչ մէկ լուրջ բարդութիւն ունեցած է։Վիրաբոյժ Արամ Ղազարեանը ըսած է. «Եթէ Կրիթարսոն կրցաւ վերականգնել իր արմուկը ծռելու հնարաւորութիւնը, այդ արդէն  պիտի փոխէ իր կեանքը»։

1998 թուականին, Իսլանտացի Ֆելիքս Կրիթըրսոն կ՚աշխատէր բարձր լարման ելեկտրահաղորդման գիծի վրայ, երբ 11000 վոլթ լարման ալիքը այրած են անոր ձեռքերը եւ զինք նետած՝ սառոյցով ծածկուած գետինը:

Ան ստացած է բազմաթիւ կոտրուածքներ եւ ներքին վնասուածքներ։ Երեք ամիս մնացած է մահաքունի մէջ, որուն ընթացքին վիրաբոյժները անդամահատած են անոր երկու ձեռքերը։ Ան քանի մը վիրահատութեան ենթարկուած է, ինչպէս նաեւ՝ լեարդի փոխպատուաստման։

 Վերջերս 48 տարեկան Ֆելիքս Կրիթարսոն ենթարկուած է մեծ վիրահատութեան , որուն ընթացքին հայազգի բժիշկ Արամ Ղազարեան կարողացած է մեծ յաջողութեամբ պսակել անոր երկու ձեռքերուն եւ երկու ուսերու պատուաստումը 