image
Հրատապ լուրեր:

Ֆրանսացի այգեպանները կը ծրագրեն քարշակներով «պաշարել» Փարիզը

Ֆրանսացի այգեպանները կը ծրագրեն քարշակներով  «պաշարել» Փարիզը

Ֆրանսացի այգեպանները ծրագրած են 29 յունուարին, տեղական ժամանակով ժամը 14:00-էն (Երեւանի ժամանակով 17:00-էն) մեկնարկել քարշակներով Փարիզի «պաշարումը»: Արհմիութիւնները կոչ ըրած են փակելու մայրաքաղաքի մուտքի գլխաւոր մայրուղիները՝ ընդհանուր ութ կէտ։ Նպատակը Փարիզին որեւէ ապրանքի մատակարարում թոյլ չտալն է, յայտնած է france24.com-ը:

Նախատեսուած է, որ բողոքի արշաւը շարունակուի առնուազն հինգ օր: Այս լոյսին տակ Ֆրանսայի Ներկին գործոց նախարարութիւնը զօրացուցած է անվտանգութեան միջոցները եւ կարգուկանոն պահպանելու համար ներգրաւած 15 հազար ոստիկան։

Կառոյցներու շարքին, որոնց մուտքը կրնայ արգելափակուիլ, կայ երկու առանցքային օդակայան՝ Շառլ տը Կոլը եւ Օրլին, ինչպէս նաեւ Ռունժիի ամենամեծ գըւղատնտեսական շուկան: Յայտնի է, որ նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնը կարգադրած է բոլոր քայլերը ձեռնարկել նշուած կառոյցները բաց պահելու համար:

Ֆրանսայի մէջ այգեպաններու բողոքի ցոյցերը կը շարունակուին արդէն քանի մը շաբաթ, բայց մինչ այժմ ատոնք որեւէ կերպ չեն ադզած Փարիզի վրայ: Դժգոհութեան հիմնական պատճառներն են աժան գիւղամթերքի ներկրումը, վառելիքի թանկացումը, ոռոգման համար ջուրի օգտագործման սահմանափակումները։