Հռոմի Ֆրանչիսկոս պապը կիրակնօրեայ աւանդական քարոզի ժամանակ յայտնած է, որ ուրախ է հայ եւ ատրպէյճանցի զինծառայողներու ազատ արձակման համար եւ յոյս յայտնած է, որ շուտով խաղաղութեան պայմանագիր կը կնքուի:
Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ-ը:
«Ես գոհ եմ զգալի թուով հայ եւ ատրպէյճանցի զինուորականներու ազատ արձակմամբ, եւ մեծ յոյսով կը նայիմ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու, Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութեան դրական նշանին», -ըսած է ան:
«Կոչ կ՚ընեմ կողմերուն եւ անոնց առաջնորդներուն որքան հնարաւոր է շուտ հաշտութեան պայմանագիր կնքել», - աւելցուցած է քահանայապետը։