image

«Եւրոտեսիլ»ը շահած ուքրանական խումբը 900 հազար տոլարով վաճառած է իր մրցանակը

«Եւրոտեսիլ»ը շահած ուքրանական խումբը 900 հազար տոլարով վաճառած է իր մրցանակը

Ուքրանական «Kalush Orchestra» խումբը, որ այս տարի յաղթած է «Եւրոտեսիլ» երգի միջազգային մրցոյթին, աճուրդով իր մրցանակը վաճառած է 900 հազար տոլարով:

Անոնք որոշած են վաստակած գումարը ուղղել Ուքրանիոյ զինուած ուժերուն:

«Շնորհակալ ենք ձեզմէ իւրաքանչիւրին, որ գումար նուիրաբերած է այս աճուրդին եւ յատկապէս շնորհակալ ենք Whitebit-ի խումբին, որ մրցանակը գնեց 900.000 տոլարով եւ այս պահէն մեր մրցանակի իրաւատէրն է», ընկերային ցանցերով յայտնած են երաժիշտները: