image
Հրատապ լուրեր:

«Եւրոտեսիլ 2022». Հայաստան դէպի եզրափակիչ անցաւ

«Եւրոտեսիլ 2022». Հայաստան դէպի եզրափակիչ  անցաւ

Իտալիոյ Թուրին քաղաքին մէջ կայացաւ «Եւրոտեսիլ 2022»-ի առաջին կիսաեզրափակիչ փուլը. Հայաստանը ներկայացնող Ռոզա Լինը, յաղթահարելով մրցակցութիւնը, անցաւ եզրափակիչ փուլ:

Ըստ մրցոյթի կանոններուն` իւրաքանչիւր կիսաեզրափակչէն միայն 10 երկիր ուղեգիր կը ստանայ դէպի եզրափակիչ: Ռոզայի հետ կը մրցէին եւս 16 երկիրներու մասնակիցներ, որոնցմէ եզրափակիչ անցան Զուիցերիան, Իսլանտան, Լիթուանիան, Փորթուկալը, Նորվեկիան, Յունաստանը, Ուքրանիան, Մոլտովան եւ Հոլանտան ներկայացնող արուեստագէտները: Քուէարկութեան մասնակցած են ինչպէս արհեստավարժ դատական կազմը, այնպէս ալ օրուայ մասնակից երկիրներու հեռուստադիտողները:

Մայիս 12-ին պիտի կայանայ «Եւրոտեսիլ 2022»-ի երկրորդ կիսաեզրափակիչ փուլը, որմէ յետոյ պարզ կը դառնայ եզրափակիչի ամբողջական պատկերը: Մրցոյթի եզրափակիչը նախատեսուած է 14 Մայիսին:

Ռոզա Լինը «Եւրոտեսիլ 2022»-ի մէջ Հայաստանը կը ներկայացնէ իր հեղինակած «Snap» երգով: 21-ամեայ երգչուհին, որ ծնունդով Վանաձորէն է, կը պատմէ, որ իր եւրոտեսիլեան ստեղծագործութիւնը իր ապրումներու եւ դժուար փուլի արդիւնքով ծնած երգ է, որ, ըստ Ռոզայի, իրեն համար այսօր ունի դրական նշանակութիւն, քանի որ այդ ապրումները զինք բերած են «Եւրոտեսիլ»:

Իր երգով Ռոզան կը փափաքի ոգեշնչել մարդոց չյանձնուիլ, չկոտրուիլ դժուարութիւններէն ու երթալ իրենց երազանքին ետեւէն: