image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպան ռուսական կազին փոխարինող գտած է

Եւրոպան ռուսական կազին փոխարինող գտած է

Եւրոպական յանձնաժողովն աջակցած է Յունաստանի եւ ամերիկեան ExxonMobil ընկերութեան միջեւ կնքուած համաձայնագիրին՝ Յոնեական ծովու ափամերձ հատուածին մէջ կազի հետախուզման աշխատանքներ իրականացնելու վերաբերեալ, որպէսզի վերջնականապէս հրաժարի ռուսական կազէն, հաղորդած է Euroavtive-ը։

Հրատարակութիւնը «Կրետական ​​կազ»ի հետախուզումը անուանած է Յունաստանի համար կարեւոր տեղաշարժ, քանի որ երկրի իշխանութիւնները վաղուց քննարկած են ծովուն յատակի պաշարներու զարգացման հարցը՝ առանց որեւէ գործողութիւն ձեռնարկելու: Յունաստանի իշխանութիւններն արդէն յայտարարած են, որ փորձնական հորատումը պէտք է աւարտի մինչեւ 2027 թուականի սկիզբը, եւ եթէ կազի պաշարները շահութաբեր ըլլան, արտադրութիւնը պիտի սկսի 2030 թուականին եւ շարունակուի մինչեւ առնուազն 2040 թուականը:

Հոկտեմբերի կէսերուն Եւրոպական Միութեան Խորհուրդը հաստատած է Ռուսիայէն կազի ներմուծման փուլային դադրեցումը, որ ուժի մէջ պիտի մտնէ 2026 թուականի 1 յունուարին: Գործող համաձայնագիրներու համար անցումային շրջանը պիտի գործէ մինչեւ 2028 թուականի 1 յունուարը: ԵՄ նաեւ մտադիր է ներդնել միջոցառում մը, որ սառեցնէ արգելքը, եթէ մատակարարման հետ կապուած խնդիրներ առաջանան:

Բացի այդ, ԵՄ կառավարութիւնները կը նախատեսեն դադրեցնել ռուսական նաւթի գնումները 2028 թուականէն սկսեալ, սակայն այս որոշումը դեռ պէտք է համաձայնեցուի Եւրոպական խորհրդարանին հետ։