image

Եւրոպան պատրաստ է աջակցելու ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման. Շարլ Միշէլ

Եւրոպան պատրաստ է աջակցելու ղարաբաղեան խնդիրի կարգաւորման. Շարլ Միշէլ

Եւրոպական Միութիւնը պատրաստ է իր դերակատարութիւնը ունենալու հակամարտութիւններու կարգաւորման եւ կանխման հարցին մէջ: Այդ կը ներառէ վստահութեան ամրապնդումն ու աջակցումը համապարփակ ու կայուն կարգաւորման, այդ շարքին՝ յետհակամարտային վերականգնման ուղղուած միջոցառումներու հարցին մէջ: Այս մասին յայտնած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշէլ՝ ելոյթ ունենալով «Արեւելեան գործընկերութեան» քաղաքացիական հասրակութեան համաժողովին:

«Միայն քաղաքական երկխօսութիւնը Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ կարող է բերել կայուն կարգաւորման: Ձգձգուող հակամարտութիւնները տարածաշրջանին մէջ կը շարունակեն հիմնարար խնդիր ըլլալ: Անոնք նոր ջանքեր կը պահանջեն՝ միջազգային իրաւունքի կանոններուն եւ սկզբունքներուն համապատասխան:

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւնները ցոյց կու տան իրավիճակի փխրունութիւնը: Ես լիովին համոզուած եմ, որ միայն քաղաքական երկխօսութիւնը կրնայ յանգեցնել հաստատուն կարգաւորման: Այդ կը պահանջէ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի մէջ քաղաքացիական հասարակութեան համախմբում, կամուրջներ կառուցելու եւ հաշտեցման ուղղուած ջանքերու աջակցում», ըսուած է Միշէլի յայտարարութեան մէջ: