image
Հրատապ լուրեր:

Եւրոպական Միութիւնը «գո՞հ է» Փաշինեանէն

Եւրոպական Միութիւնը  «գո՞հ է» Փաշինեանէն

Մենք միջնորդ ենք եւ չենք խորանար Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ բանակցութիւններու բովանդակութեան մէջ: Այս մասին ըսաւ  Հայաստանի մէջ Եւրոպական միութեան պատուիրակութեան ղեկավար, դեսպան Անտրէա Վիքթորինը:

«Այս բովանդակութիւնը, ի հարկէ, հակամարտող կողմերուն միջեւ է, բայց այստեղ պէտք է ըլլայ նաեւ փոխզիջում:

Յստակ յայտարարութիւններ կան այն մասին, որ մենք կը գնահատենք Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի յայտարարութիւնը, որ ան Ապրիլին կատարեց», յաւելեց Վիքթորինը:

Յիշեցնենք, որ Փաշինեանը Ապրիլ 13-ին խորհրդարանին մէջ յայտարարած էր, որ միջազգային հանրութիւնը Հայաստանէն կը պահանջէ «իջեցնել նշաձողը» Ղարաբաղի կարգավիճակի հարցով:

Յիշեցնենք նաեւ, որ Եւրոմիութիւնը միջնորդութեան մանտաթ չունի: