image

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կ’առաջարկեն դիտարկել Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը

Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները կ’առաջարկեն դիտարկել Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը

Եւրոխորհրդարանի նիստին քուէարկութեան պիտի դրուի ԵՄ-ի եւ Հայաստանի միջեւ կապերու սերտացման, Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ խաղաղութեան համաձայնագրի անհրաժեշտութեան մասին բանաձեւը։

Փաստաթուղթի նախագիծին մէջ Եւրոխորհրդարանի պատգամաւորները առաջարկած են դիտարկել Հայաստանի՝ ԵՄ-ին անդամակցութեան թեկնածուի կարգավիճակ տրամադրելու հնարաւորութիւնը. «Եթէ Հայաստանը շահագրգռուած ըլլայ թեկնածուի կարգավիճակ ստանալով եւ շարունակէ իր ժողովրդավարութիւնը ամրապնդող կայուն բարեփոխումներու ուղին, այդ կրնայ հիմք հանդիսանալ ԵՄ-Հայաստան յարաբերութիւններուն մէջ փոխակերպման փուլին համար»:

Պատգամաւորները Եւրոպական դաշինքի գործադիր իշխանութիւններուն՝ Յանձնաժողովին եւ Խորհուրդին, կոչ ըրած են աշխուժօրէն աջակցելու Հայաստանին ԵՄ-ի հետ համագործակցութեան ընդլայնման գործին՝ ոչ միայն տնտեսական գործընկերութեան, այլեւ քաղաքական երկխօսութեան, անվտանգութեան, մարդոց միջեւ շփումներու, ոլորտային համարկման ոլորտներուն մէջ։

Ընդգծուած է նաեւ, որ Ռուսիոյ ազդեցութիւնը Հայաստանի տնտեսութեան վրայ շատ մեծ է, եւ կոչ եղած է Հայաստանին զգօնութիւն ցուցաբերելու ԵՄ պատժամիջոցներու հնարաւոր շրջանցման նկատմամբ. «Լիովին տեղեակ ենք սպառնալիքներու մակարդակին եւ բազմազանութեան մասին, որոնք Ռուսաստանի Դաշնութիւնը կրնայ փորձել օգտագործել Հայաստանի դէմ՝ պատժելու զայն իր անկախ քաղաքական եւ ռազմավարական ընտրութիւններուն համար: ԵՄ-ն պէտք է պատրաստ ըլլայ արագ օգնութիւն ցուցաբերելու Հայաստանին՝ մեղմելու որեւէ նման ոչ-բարեկամական քայլերու բացասական հետեւանքները»: