image

Եթէ իրար հարուածեն. Ո՞ւր կրնան բախիլ ՆԱԹՕ-ն եւ ռուսաց ուժերը (Լուսանկար)

Եթէ իրար  հարուածեն. Ո՞ւր կրնան բախիլ ՆԱԹՕ-ն եւ ռուսաց ուժերը  (Լուսանկար)

Պելառուսիայէն Քալինինկրատ երկարող «Սուվալքի միջանցքը», որով այժմ կ'անցնի Լեհաստանի եւ Լիթուանիոյ սահմանը, այժմ հիփոթեթիկ առումով մոլորակի ամենավտանգաւոր վայրն է` Ռուսիոյ եւ ՆԱԹՕ-ի միջեւ ուղիղ հակամարտութեան սպառնալիքի տեսանկիւնէն: Այս մասին գրած է Politico-ն:

«Գտնուելով Լիթուանիոյ հարաւարեւմտեան սահմանին, Տրուսքինինքայը կը մտնէ ռազմավարական տարածքի նեղ շերտ, որ յայտնի է որպէս «Սուվալքի միջանցքը»... Արեւմտեան ռազմական ծրագրաւորողները կը զգուշացնեն, որ այդ տարածքը, ամենայն հաւանականութեամբ, պիտի ըլլայ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի առաջին թիրախներէն մէկը, եթէ ան երբեւէ որոշէ Ուքրանիոյ մէջ պատերազմը վերածել ՆԱԹՕ-ի հետ ուղիղ բախման», կ'ըսուի յօդուածին մէջ:

Politico-ն կը յիշեցնէ, որ ՆԱԹՕ-ի երկիրներու տարածքով միջանցք կառուցելու Ռուսիոյ փորձերը ուղղակի բախման պիտի յանգեցնեն կողմերուն միջեւ, որոնցմէ իւրաքանչիւրը ունի միջուկային զէնք: Մտավախութիւնը  կ'ուժեղացնէ այն փաստը, որ Լիթուանիոյ երկաթուղիները վերջերս ծանուցած են Քալինինկրատին, որ Յունիս 18-էն պիտի դադրեցուի ԵՄ պատժամիջոցներու տակ գտնուող շարք մը ապրանքներու տարանցումը:

Միաժամանակ լրագրողները կը խոստովանին, որ ներկայիս հիմքեր չկան ենթադրելու, որ նման յարձակումը անխուսափելի է: