Պաքուի մէջ արձագանգած են ՀՀ արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեանի յայտարարութեան՝ երկու երկիրներու միջեւ յարաբերութիւնները կարգաւորելու Ատրպէյճանի, այսպէս կոչուած, առաջարկներոպն վերաբերեալ:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յայտարարած էր, որ Ատրպէյճանի հետ խաղաղ համաձայնագրի շուրջ բանակցութիւնները պէտք է ընթանան առանց նախապայմաններու:
«Մենք հարկ չենք համարեր կրկին հնչեցնել այն դիրքորոշումը, որ բազմիցս հնչեցուցած ենք: Հաշուի առնելով հակամարտութենէն յետոյ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու կարգաւորման եւ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութեան հաստատման կարեւորութիւնը` Ատրպէյճանը հնչեցուցա է համապատասխան առաջարկութիւնները եւ պատրաստ է յառաջ շարժելու այդ ուղղութեամբ: Եթէ Հայաստանը եւս լուրջ կը վերաբերի այս հարցին, ապա պէտք է ներկայացնէ իր յստակ առաջարկները եւ այդպիսով ցոյց տայ առարկայական եւ արդիւնքին միտուած բանակցութիւններ սկսելու իր պատրաստակամութիւնը», կ'ըսուի Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարարութեան մեկնաբանութեան մէջ: